ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– Հակառակորդի արձակազէնի կրակոցէն սահմանամերձ Այգեպար գիւղին մէջ խաղաղ բնակիչ մը վիրաւորուած է:
«Այսօր»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Այգեպարի գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեան հաստատած է այս տեղեկատուութիւնը. «Վիրաւորուողը 1968ին ծնուած Դաւիթ Հայկազի Գաբրիէլեանն է: Նա այսօր խաղողի այգում աշխատում էր, երբ կրակեցին», նշած է ան։
Գիւղապետին համաձայն, վէրքը դաստակին վրայ է, վիրաւորին վիճակը վտանգաւոր չէ, եւ ան տեղափոխուած է Բերդի հիւանդանոց:
Գիւղապետը յայտնած է նաեւ, որ երկու ժամը անգամ մը գիւղին ուղղութեամբ արձակազէնի հարուածներ կը հասնին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.