
Ախալքալաքի «Երիտասարդական ռատիօ»ի եւ «Ջաւախք-ինֆօ» լրատուական կայքէջի գործադիր տնօրէն Արամ Բաթոյեան արդէն կրնայ վերադառնալ æաւախք. անոր պարագային եւս ի զօրու է Վրաստանի մէջ որդեգրուած համաներումը:
Յիշեցնենք, որ 21 Յուլիս 2008ին «Միասնական Ջաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի քանի մը գործիչներու հետ ձերբակալուեցաւ նաեւ Արամ Բաթոյեանը՝ զէնք պահելու մեղադրանքով։ Ան հեռացաւ Վրաստանէն, սակայն հետապնդման ենթակայ էր։
Ախալքալաքի շրջանային դատարանը՝ Արարատ Եսոյեանի նախագահութեամբ, հեռակայ կարգով դատական նիստեր կայացնելով՝ 4 տարուան բանտարկութեան դատապարտած էր Արամ Բաթոյեանը՝ զէնքի ձեռքբերման, պահպանման եւ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն համար: