
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 20 Փետրուարին Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, թարգմանիչ, «Նարցիս» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վարդանեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Չորս բանաստեղծական ժողովածուներու հեղինակ Վահան Վարդանեանը միայն 51 տարեկան էր, բայց անոր բանաստեղծական աշխարհը իրուրոյն տեղ գրաւած է արդի գրականութեան մէջ։
Վարդանեանի մտերիմներէն, բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է. «Այսօրուայ մեր բանաստեղծութեան մէջ իր ձեռագիրն ունեցող մարդ էր: Հազար ափսոս… Ինքնիր ուժերի ծաղկման շրջանում էր, դեռ պէտք է հիմնական անելիքը նոր անէր: Բայց ես կարծում եմ, որ իր թողածն արդէն արժէք է: Իր գրականութեամբ ինքն արժէք է ստեղծել»: