ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հակամարտութեան զօրքերու հանդիպման գիծին հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն մահացու վէրքեր ստացած ու մահացած է ժամկէտային զինուորական ծառայող, 1992 թուականի ծնունդ Գոռ Արթուրի Ղազարեանը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս լուրը հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը: Միջադէպին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար հետաքննութիւն կը կատարուի։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 19 Փետրուարին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Գոռ Ղազարեանը յետմահու պարգեւատրուել է «Մարտական ծառայութիւն» մեդալով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.