
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից եւ Սրբոց Վարդանանց տօներուն առթիւ, Հինգշաբթի, Փետրուար 7ի երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան: Արարողութեանց հանդիսապետեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ անոնց մասնակցեցան Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականները:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ, սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս՝ «Սուրբ Պատարագի Պատշաճներ՝ Կիրակի եւ Մասնաւոր Տօնական Օրերու եւ Եկեղեցական Գիտելիքներու» հատորին: Սոյն գիրքի խմբագրական աշխատանքը կատարած է Արեւմտեան թեմէն ներս հովուական պաշտօն վարած եւ վախճանած Տիրայր Ծ. վրդ. Տէրվիշեան: Գիրքին ներկայացումը կատարեց առաջնորդարանի գրադարանի եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժինի տնօրէն Հայկ Մատոյեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ Արաքսի Գրիգորեան, Օշին Գասպարեան եւ Եղիա Էլըն սրկ. Ճենտեան: Փակման խօսքը կատարեց սրբազանը՝ վեր առնելով հանգուցեալ հայր սուրբին հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը, թեմէն ներս մատուցած անոր երկարամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը, ապա բարձրօրէն գնահատեց գիրքին պատրաստութիւնն ու օգտակարութիւնը: