
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Փետրուար 6ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ Մեծն Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի: Ձեռնարկին ներկայ էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսին ընկերակցող բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող հիւրեր, «House of Lebanon»ի նախագահը, ՀԲԸՄի եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ: Երեկոյի հանդիսավարն էր Ռաֆֆի Քենտիրճեան: Ձեռնարկի գլխաւոր խօսքն արտասանեց Հայկ Մսըրլեան՝ ատենապետը ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային վարչութեան: Շուրջ 60 հիւրեր ներկայ էին ձեռնարկին: Սրբազանը անդրադարձաւ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու իրարու հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ յարգանքին, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսին, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը ներկայ գտուած էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, ապա խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց անոր: