ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, տեղի պիտի ունենայ հայրենի բանաստեղծ եւ քննադատ Արտեմ Յարութիւնեանի գրական նորագոյն ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ձեռնարկ մը, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ:
Հանդիսութեան բացումը պիտի կատարէ միութեան նախագահ՝ Շահէ Քէօրօղլեան։ Օրուան հանդիսավար նշանակուած է բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան։ Գլխաւոր բանախօսն է հանրածանօթ բանաստեղծ ու գրական քննադատ Գրիշ Դաւթեան։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան ծանօթ գրողներ։ Խօսք պիտի առնէ եւ իր նորագոյն բանաստեղծութիւնները պիտի ընթերցէ հեղինակը։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.