
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 13 Փետրուարին կայացած Հայ Ազգային Կոնգրեսի քաղաքական խորհուրդի նիստի ընթացքին քն-նարկուած է Հայ Ազգային Կոնգրես կուսակցութեան ստեղծման պարունակին մէջ Հայ Ազգային Կոնգրես դաշինքի գործունէութեան առնչուած հարցեր։
Որոշուած է վերսկսիլ Հայ Ազգային Կոնգրեսի քաղաքական խորհուրդի նիստերուն եւ դաշինքի ապագայ ձեւաչափի քննարկումը կատարել կուսակցութեան ձեւաւորման աւարտէն ետք։