ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Քրիստոնէական մեր հաւատքին հետ առնչուած գերագոյն տօներէն մէկը՝ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը, այս տարի յիշատակուեցաւ Երեքշաբթի, Փե-տրուար 5ին։
Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը տօնն է հայ քահանաներուն, այս տօնը յատուկ յիշատակութեան կ՛արժանանայ նաեւ Արեւմտեան թեմէն ներս. ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած հոգեւորականաց համագումարը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդին, իսկ երկու տարին անգամ մը, այս տօնը կը համախմբէ Ամերիկայի երեք թեմերու՝ Արեւելեան, Արեւմտեան ու Գանատայի, առաջնորդներն ու հոգեւորականաց դասերը, հիւրընկալութեամբ թեմերէն մէկուն։
Այս տարի, ըստ նախորդ համագումարի որոշումին, միացեալ համագումարը տեղի ունեցաւ տօնական օրերէն շաբաթ մը առաջ, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարկին տակ, հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան թեմին ու նախագահութեամբ երեք թեմերու առաջնորդներուն՝ Օշական արք. Չօլոյեանի, Խաժակ արք. Յակոբեանի եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Առաջնորդներն ու հոգեւորականաց դասու անդամները Սան Ֆրանսիսքօ հասան Երկուշաբթի, Յունուար 28ի յետմիջօրէին եւ դիմաւորուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի, Ազգ. վարչութեան անդամներէն Սագօ Շիրիքեանի, ծուխի եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, ապա՝ երեկոյեան, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ հիւրընկալուեցան ընթրիքով։ Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ ծխական շրջանի հոգաբարձութեան ու Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարտարապատ» կոմիտէներու, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ այլ ազգայիններ։ Ճաշկերոյթի երեկոն առիթ էր ծանօթացման։
Սեղաններու օրհնութենէն եւ հաւաքական աղօթքէ ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեցին առաջնորդները, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեանը եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անունով՝ Եդուարդ Մսրըլեանը։ Երեկոն իր լրումին հասաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։
Համագումարի պաշտօնական աշխատանքները սկսան Երեքշաբթի առաւօտուն, եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեան արարողութեամբ։ Ժամերգութեան աւարտին, օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը ներկայացուց Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Թրթռեան՝ բնաբան ունենալով հռոմէացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակէն հետեւեալ համարը. «Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու: æերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք» (12։11):
Ժամերգութեան աւարտին, «Վասպուրական» սրահին մէջ սկսաւ համագումարը Տէրունական աղօթքով եւ «Առաւօտ Լուսոյ»ի երգեցողութեամբ: Յաջորդաբար խօսք առաւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը, որ յանուն հոգաբարձութեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովականներուն: Ապա, խօսք առաւ Սարգիս Շիրիքեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց ներկայ հոգեւորականներուն:
Յանուն Արեւելեան թեմին՝ խօսք առաւ Օշական արք. Չօլոյեան, որ քահանայից այս համախմբումը հայ հոգեւորականի կոչումի գիտակցութեան վերարժեւորման եւ հաւատքի վերանորոգութեան գեղեցիկ առիթ մը նկատեց:
Գանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան սոյն համագումարը որակեց հոգեկան բաւարարութեան եւ ինքնազարգացման մղիչ ուժ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան սոյն համագումարը նկատեց մեր ծառայութիւնը իրապաշտ մօտեցումով եւ հաւատարմութեամբ իրագործելու եւ վերանորոգելու գեղեցիկ առիթ, երբ մանաւանդ այս տարուան քահանայից համագումարը կը կրէ «Հաւատարմութիւն եւ Ծառայութիւն» կարգախօսը:
Ժողովը ընտրեց իր դիւանը՝ յանձինս Միռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի՝ որպէս ատենապետներ, իսկ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի եւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի՝ որպէս ատենադպիրներ:
Ժողովականները յոտնկայս ունկնդրեցին սոյն համագումարին ուղղուած Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը, զոր ընթերցեց Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան:
Ժողովական հայրերը ունկնդրեցին նաեւ վեհափառին այն պատգամը, որով 2013 տարին կը հռչակէր «Հայ Մօր Տարի». պատգամը ընթերցեց Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Վեհափառի պատգամին լոյսին տակ տեղի ունեցաւ մտածումներու փոխանակում եւ ծրագիրներու որդեգրում, որոնցմէ են՝
– Մեծ Պահոց ընթացքին քարոզախօսութիւնները կեդրոնացնել հայ մօր տիպարին եւ հասկացողութեան վրայ.
– Մայրերու օրուան առիթով, միաշաբաթեայ ամէնօրեայ հոգեւոր եւ ժողովրդային նախաձեռնութիւններ.
– Կիրակնօրեայ թէ ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն կողմէ հայ մօր մասին գրուած սրտաբուխ աղօթքներու հաւաքածոյ գրքոյկի պատրաստութիւն.
– Հայ Մօր նուիրուած երկհատոր հրատարակութիւն՝ աստուածաշնչական, հայրաբանական եւ հայ գրականութեան էջերէն քաղուած ծաղկեփունջերով:
Սոյն աշխատանքները համադրող խմբագրական կազմ մը նշանակուեցաւ՝ յանձինս հայր Միւռոնի, հայր Մեղրիկի եւ Սարգիս Մահսէրէճեանի։
Յաջորդ նիստերուն ընթացքին համագումարը ընթացաւ դասախօսութիւններով եւ զեկուցական ներկայացումներով։
Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեան դասախօսեց «Հաւատարմութիւն եւ Ծառայութիւն» նիւթին շուրջ։
Գանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ սրբազան զեկուցեց երկու շաբաթ առաջ, Անթիլիասի մէջ, վեհափառին եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովին հետ տեղի ունեցած առաջնորդներու ու ժողովական ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ ժողովներուն մասին՝ Դպրեվանքի, քրիստոնէական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ դպրոցի, երիտասարդացի, կրօնական հրատարակութիւններու, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու շուրջ։ Զեկուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ սուրիահայոց օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին։ Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան յառաջիկայ Յունիսին, կաթողիկոսութեան յարկին տակ նախատեսուած Ազգ. ընդհանուր ժողովին, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռներու գործակցական դաշտերուն եւ քննարկուող նիւթերուն մասին։ Այս գծով, համագումարը լսեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական սրբազանի զեկուցումը։
Առաջնորդ Մուշեղ սրբազանը համագումարին ներկայացուց թեմին կողմէ վերամշակուած ու պատշաճեցուած Ծիսարանը, որ ի մօտոյ պիտի յանձնուի հրատարակութեան։ Կարճ դադարէ ետք, համագումարի առաջին օրը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Ղեւոնդեանց նուիրուած Նախատօնակի արարողութեամբ։
Համագումարի յաջորդ օրուան օրակարգը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ. աւարտին, օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը ներկայացուց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան՝ մեկնելով կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի Ա. նամակէն, ուր կ՛ըսուի. «Վստահեցէք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի» (Ա. Կորնթ. 1:9)։
Հայ Մօր Տարուան ծրագիրներու եւ աշխատանքներու ծիրէն ներս, աստուածաշնչական մէջբերումներով Հրանդ աբղ. Թահանեան դասախօսեց՝ նիւթ ունենալով «Մայրութիւնը Աստուածաշունչին մէջ»։
Համագումարի աշխատանքներուն կողքին, առաջնորդներն ու հոգեւորականաց դասերու անդամները Չորեքշաբթի օր այցելութիւն մը տուին Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեցին տնօրէնին, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Այսպիսով, Չորեքշաբթին օրը վարժարանին համար եղաւ պատմական օր մը։
Աշակերտները Վարդանանց տօնին ոգիէն ներշնչուած գեղեցիկ յայտագիրով մը հիւրընկալեցին երեք առաջնորդները, հոգեւորականներն ու անոնց ընկերակցող ժողովական ներկայացուցիչները։ Երգերով, արտասանութիւններով եւ սահիկներով, անոնք Աւարայրի պատգամը վերակենդանացուցին հայաբոյր մեր վարժարանի յարկին տակ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, գնահատեց աշակերտներն ու դաստիարակները, եւ անոնց ուղղեց օրուան յատուկ պատգամ մը։
Վարժարան այցելութենէ ետք, հոգեւոր հայրերը շարունակեցին համագումարի աշխատանքները, որոնք իրենց լրումին հասան երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագով։ Պատարագը մատուցեց Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան, ապա քարոզեց Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, որ իր պատգամին մէջ պանծացուց յիշատակը Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց նահատակներուն, որոնք քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց նահատակութեամբ կենդանի օրինակ հանդիսացան ու ներշնչեցին հետագայ սերունդները։
Յաւարտ Ս. պատարագի, համաձայն տարիներու ընկալեալ աւանդութեան, հոգեհանգիստ կատարուեցաւ երեք թեմերուն մէջ ծառայած հանգուցեալ քահանաներու եւ հոգեւորականներու հոգիներուն համար։
Ապա եկեղեցւոյ կից «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Շնորհակալական եւ գնահատանքի խօսքերէն ետք, երգուեցան «Կիլիկիա», «Մեր Հայրենիք» խմբերգերն ու «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.