
ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 13ին, Կովկասի իսլամներու վարչութեան մէջ տեղի ունեցած է գիտակրօնական խորհուրդի նիստ մը, ուր քննուած է Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ երազներ» վէպը. այս մասին կը հաղորդէ «contact.az» կայքը:
Նոյն լրատուամիջոցը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ ելոյթ ունեցողներուն մեծ մասը, թէեւ չէ կարդացած այդ վէպը, այնուամենայնիւ քննադատած է հեղինակը՝ «Հայտար Ալիեւի յիշատակը, ազգային եւ հոգեւոր արժէքները վիրաւորելուն համար»:
Կայքը կը յիշատակէ, որ Կովկասի իսլամներու առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն վէպը անուանած է «հերետիկոսութիւն», իսկ հեղինակը՝ «անաստուած»: Մասնաւորապէս, շէյխը պնդած է, որ Այլիսլին գիտակցաբար վիրաւորած է Հայտար Ալիեւը՝ «կատարելով իր տէրերուն պատուէրը», առանց բացայայտելու այդ «տէրերու»ն ինքնութիւնը:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի գիտութիւններու ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Եաղուպ Մամետով գրողը մեղադրած է պատմական փաստերը խեղաթիւրելու եւ Նախիջեւանի նկատմամբ հայերու յաւակնութիւնները արդարացնելու յանցանքով:
Քննադատութեան այս եղանակին տուրք տուած է նաեւ Պաքուի Ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ալեքսանտրը, որ ըստ կայքին՝ ըսած է. «Փաստերու նման մեկնաբանութիւն անթոյլատրելի է»:
Աստուածաբան Վասիմ Մամետով, Այլիսլիի վէպը անուանած է «հիւանդ երեւակայութեան արդիւնք», եւ կոչ ըրած է բացայայտելու իր ժողովուրդին նկատմամբ գրողին այդ մեծ ատելութեան ակունքները:
Վերջաւորութեան, Կովկասի իսլամներու վարչութիւնը վէպը դատապարտող յայտարարութիւն մը վաւերացուած է՝ զայն նկատելով «զրպարտութիւն եւ թշնամիներու պատուէրով գրուած գործ»: