
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը 13 Փետրուարին, Վերա-ծնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած է Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման 25ամեակի առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքին:
Հանդիսութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, շարժման վեթերաններ, հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է պատմական իրադարձութիւններուն նուիրուած նման նախաձեռնութիւններու կայացումը՝ զայն նկատելով նշանակալի՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բարոյահոգեբանական տեսանկիւններէ: