ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Քուէյթի մշակոյթի օրերու առիթով տեղի ունեցող եռօրեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ 7 Փետրուարին Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ «Ժամանակակից հայ արձակը պարսկերէն» ժողովածուն: Գիրքին մէջ ներառուած են 16 հայ գրողներու, մասնաւորապէս՝ Գուրգէն Խանջեանի, Աղասի Այվազեանի, Նելլի Շահնազարեանի, Պերճ Զեյթունցեանի եւ այլոց 22 ստեղծագործութիւններ: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Մեհրան Շիրաւանը կարեւոր նկատած է հայ-իրանական մշակութային համագործակցութիւնը: «Այս գիրքը այնքան հետաքրքրական է, որ ես չբաւարարուեցայ մէկ անգամ ընթերցելով: Անիկա մեծ համբաւ ունեցաւ նաեւ Իրանի մէջ: Ժողովածուն շատ հոգեհարազատ էր մեզի, քանի որ հայ գրականութիւնը շատ նման է իրանական գրականութեան: Գիրքը ցոյց տուաւ, որ մեր երկու երկիրներուն մէջ կայ նոյն ոգին ու շունչը», յայտնած է մշակոյթի դեսպանը: Անոր համաձայն, այս պատմուածքները ցոյց կու տան երկու երկիրներուն միջեւ մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան նմանութիւնները, եւ կարդալով այս պատմութիւնները՝ իրանցին երբեք չի մտածեր, որ անոնք օտարի կեանքին վերաբերող պատմութիւններ են:
Գիրքին համահեղինակը, գրող Ալիս Յովհաննիսեանը, որուն ստեղծագործութիւններէն մէկը եւս ներառուած է «Ժամանակակից հայ արձակը պարսկերէն» ժողովածուին մէջ, արտայայտեց այն կարծիքը, որ գիրքը շատ լաւ ու որակաւոր է, քանի որ նոյնիսկ առանց պարսկերէն գիտնալու՝ հաճոյքով կը լսէ պարսկերէն ընթերցանութիւնը: «Կարծում եմ, որ թարգմանութիւնը շատ համահունչ է հայերէն բնօրինակին: Եւ քանի որ հայերէնն էլ շատ հարուստ ու գեղեցիկ լեզու է, համահունչ կը լինեն նաեւ պարսկական ստեղծագործութիւնների հայերէն թարգմանութիւնները», յայտնած է գրողը:
Գիրքի թարգմանութեան հեղինակ Էմմա Մելիքջանեանը այս գիրքը շատ աւելի նախընտրելի կը նկատէ նախորդող հայ-պարսկերէն թարգմանութիւններէն եւ անհրաժեշտ նկատած է ժամանակակից արձակի թարգմանութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.