ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը գրութիւն ուղարկած է Հայաստանի մարզպետներու եւ Երեւանի քաղաքապետին՝ առաջարկելով դպրոցներու 9-12րդ դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպել յուշ-երեկոներ, դասախօսութիւններ՝ նուիրուած հայոց նորագոյն պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ազատագրական շարժմանը, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքին, Սումկայիթի ջարդերու զոհերու յիշատակին: Փետրուար 18ին կ՛ամբողջանայ Ղարաբաղեան շարժման, իսկ 28 Փետրուարին՝ Սումկայիթի ջարդերու 25ամեակը:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ յայտարարուած է նաեւ շարադրական մրցում՝ «Արցախ՝ ի՛մ սէր, ի՛մ հպարտութիւն» նիւթով, որուն կրնան մասնակցիլ դպրոցներու 9-12րդ դասարաններու աշակերտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.