ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Բացառիկ օր մըն էր Կիրակի, Յունուար 27, 2013ը, «Խաչատուրեան» Դպրաց դաս երգչախումբի կեանքին մէջ: Խուռներամ ժողովուրդը եկած էր ներկայ ըլլալու երգչախումբի վարիչ եւ դպրապետ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եկեղեցական ծառայութեան 50ամեակի յոբելենական հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ «Խաչատուրեան» երգչախումբի 35րդ տարեդարձին: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուրախութիւնը բառերով կարելի չէր արտասանել, այլ՝ վերնատունէն լսուող երգչախումբին ձայներով, որոնք երկնասլաց աղաւնիներու նման կարծէք կը թռչէին տաճարին մէջ:
Այս առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հայրապետական Ս. պատարագ, հանդիսապետութեամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի. պատարագիչին առընթերականներն էին Լաս Վեկասի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ եւ «Խաչատուրեան» երգչախումբի նախկին նախագահ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան ու Մայր տաճարի հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, իսկ վերաբերումը կատարեց Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Խաչատուրեան» դպրաց դաս երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Գեղամ Աշճեանի:
Պատարագի աւարտին, ծիսական աղօթքներէն ետք Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան իր ընտանիքով մուտք գործեց Մայր տաճար՝ ուրախ լերի երգեցողութեամբ: Յովնան արք. ընթերցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեան գիրը, որուն մէջ հայրապետը իր բարեմաղթանքները կը յայտնէր յոբելեարին՝ անոր եկեղեցանուէր երկարամեայ գործունէութեան համար, իբրեւ նուիրեալ ու հաւատարիմ զաւակը սուրբ եկեղեցւոյ: Ապա առաջնորդը իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքի խօսքերը փոխանցեց յոբելեարի հարուստ կեանքին ի տես: Առաջնորդը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ եղող հոգեւորականներուն՝ նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, տոքթ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի, Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի, Սիփան քհնյ. Մխսեանի, Նարեկ քհնյ. Մատարեանի եւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի: Կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ երգչախումբէն բաժնուած անդամներու հոգիներուն համար: Սոյն արարողութենէն ետք, հաւատացեալները ուղղուեցան «Գալայճեան» սրահ, ուր սիրոյ սեղան պատրաստուած էր կրկնակ հանդիսութիւններուն ուրախ առիթով:
Օրուան հանդիսավարն էր երգչախումբի տնօրէն, Խորհրդոյ ատենապետ Յակոբ սրկ. Ծերունեան, որ յոբելենական հանդիսութեան կարգադիր յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը, որպէսզի սեղանօրհնէքը կատարէ:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան ջութակահար Բենիամին Գասպարեան եւ զաւակը: Բեմ հրաւիրուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Միրիճան Կիւրեղեանը, որ յանձնախումբի անդամները մի առ մի ներկայացուց եւ իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն՝ սոյն առիթը որակելով բացառիկ, որուն ընթացքին կը յարգուին այն անձերը, որոնք իրենց աշխատութիւնները ի գործ դրած են վասն ազգին, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին:
Ապա ան հրաւիրեց կիսասարկաւագ Սիմոն Աճիլաչօղլուն, որ իր կարգին ծաղկեփունջով մը պատուեց յոբելեարի մայրը՝ տիկին Վեհանոյշ Կէօզիւմեանը, նաեւ հրաւիրեց Եդուարդ Խաչատուրեանը, որ նաեւ ծաղկեփունջով մը պատուեց յոբելեարի կողակիցը՝ տիկին Նատիա Կէօզիւմեանը:
Միրիճան Կիւրեղեան շնորհակալութիւն յայտնեց Անդրանիկ Զօրայեանի ու Պերճ Չուլհաօղլուի՝ իրենց բերած նիւթական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Զապէլ Տանաճեանի՝ Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կրծքանշանները սիրայօժարօրէն պատրաստած ըլլալուն համար, երգիչներ Մաննիկ Մանուկեանի եւ Պօղոս Յովհաննէսեանի, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Լիւսի Թաշճեաններու, որոնք թարգմանեցին յուշամատեանին հայերէն բաժինը անգլերէնի:
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն, երգահան Մաժակ Թօշիկեանին, որ Մոնթրէալէն եկած էր, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Արա եւ Շնորհիկ Թօշիկեաններու: Շնորհակալութեան մեծ բաժինը նաեւ ուղղուեցաւ յոբելեարին քրոջ եւ քեռայրին՝ տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Ովսաննա Տաղտեւիրէնէլին, որոնք մեկենասը եղան յուշամատեանին, ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ հօր եւ աներին՝ հանգուցեալ Մկրտիչ Կէօզիւմեանի:
Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտուին Մինասեանը, որ միութեան հոգաբարձութեան եւ Գործադիր մարմինի վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ հպարտանք յայտնեց, որովհետեւ Պոլսահայ միութիւնը եւ «Խաչատուրեան» երգչախումբը իրարու միահիւսուած էին միութեան հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ (1976թ.): Իրաւաբան Մինասեան շեշտեց, թէ յոբելեարը կը փայլի իբրեւ առաջնորդ մեր սուրբ երաժշտութեան:
Ապա ան հրաւիրեց հոգաբարձութեան փոխատենապետ Րաֆֆի Մարուքեանը, որ իր կարգին յոբելեարը պատուեց յուշանուէրով մը, որմէ ետք հրաւիրուեցան միութեան նախկին ատենապետները՝ միանալու յոբելեարին եւ լուսանկարուելու:
Հանդիսավար Ծերունեան հրաւիրեց իր որդին՝ Իրաւաբան եւ Rolling Hills Estate-ի քաղաքապետ Վռամ Ծերունեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց Կէօզիւմեանը՝ այս տօնակատարութիւնը պատուաբեր որակելով ոչ միայն հայերուն, այլ բոլոր ամերիկացիներուն համար: Ան, գնահատագիրներով պատուեց յոբելեարը՝ 50 տարիներու, ինչպէս նաեւ «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ 35 տարիներու ծառայութեանց համար:
Հրաւիրուեցաւ նաեւ յոբելեարին անդրանիկ զաւակը՝ Տարօնը, որ յայտնեց, թէ իր հայրը չէր սիրեր պատիւ կամ վարկ ստանալ իր կատարած բարի գործերուն համար: Իսկ կրտսեր որդին՝ իրաւաբան Կարէնը, իր ընտանիքին ուրախութիւն ու հպարտանք յայտնեց այսպիսի օրուան մը համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօրը՝ իրենց տուած կեանքի դասերուն համար՝ անոնց սորվեցնելով բարեկամութեան, յարգանքի եւ համայնքին ու ընկերներուն հանդէպ սիրոյն մասին, առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր թենօր, Էջմիածնայ Մայր տաճարին մէջ ծառայած Պօղոս Յովհաննիսեանը, որ մեներգեց «Santa Lucia»ն: Ապա սոփրանօ Մաննիկ Մանուկեան մեներգեց «Լեռներ հայրենի», «Արաքս գետը» եւ «Time to say goodbye»:
«Հայրենիք» միութեան ատենապետ Յակոբ Ալեքսանեան միութեան անունով յուշատախտակ մը նուիրեց ատենապետ Յակոբ սրկ. Ծերունեանի, առ ի գնահատանք երգչախումբին անոր բերած նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններուն, Հայաստան Գուգարաց թեմի «Ծիծեռնակ» ճամբարի երեխաներուն համար:
Խօսք առաւ «Խաչատուրեան» դպրաց դաս երգչախումբի նախկին հովիւ՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան, որ իր ուրախութիւնն ու հրճուանքը յայտնեց՝ վայելելով «Խաչատուրեան» երգչախումբի արծիւներու 35ամեակի տօնակատարութիւնը եւ 50ամեակը այդ արծիւներուն արծիւ դարձնող Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի ծառայութեանց, «որուն վազքն ու հեւքը զգացած եւ տեսած եմ անոր հոգեւոր կեանքէն ներս եւ իր բերած ծառայութիւններուն ընդմէջէն», աւելցուց քահանայ հայրը:
Հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, որ իր գնահատանքը յայտնեց յոբելեարին, որ «կրցած է տարիներ շարունակ երգչախումբի անդամները մէկ մականի տակ պահել, ինչ որ հրաշք մըն է ինքնին»: Ան Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանը որակեց իբրեւ խոնարհ եւ հեզ ծառայ, իսկ երգչախումբի անդամները՝ իբրեւ անհանդարտ եւ չդադրող մշակները ծառայութեան դաշտին:
Աւարտին հատուեցաւ զոյգ հանդիսութեանց կարկանդակը՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ, «Բարի տարեդարձ»ի երգեցողութեամբ:
Բեմ բարձրացան «Խաչատուրեան»ի եւ միացեալ երգչախումբերու երկսեռ անդամները՝ ներկայացնելով «Իմ հեռաւոր Հայրենիք»ը, «Սուրբ, սուրբ»ը եւ «Հայեր ամբողջ աշխարհի»ն:
Կարգը եկաւ յոբելեար Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի, որպէսզի իր սրտի խօսքը յայտնէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ ըսաւ. «Կեանքիս երջանկագոյն օրերէն մին է, զոր կապրի՛մ՝ փառք տալով Տիրոջ, որ արժանի տեսաւ զիս ծառայութեանս համար կազմակերպուած այս զոյգ յոբելենական հանդիսութեանց, որոնցմով ես ինքս լիովին վարձատրուած կը զգամ: Անցնող տարիներուն, Տիրոջ մեզի տուած պարգեւները ունենալով՝ փորձեցինք փոխանցել զանոնք»: Ան յիշեց երգչախումբի վարիչներ Սերովբէ Սիրունեանը, Յովսէփ Պըտըլըքեանը եւ Ժիրայր Արսլանեանը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց Ս. պատարագի երգեցողութիւնները: Երգչախումբի շրջանակէն ներս իր կեանքի ընկերուհիին հետ իր ամուսնութիւնն ու Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներ իր գալուստը համարեց իբրեւ Տիրոջ կամքը, այլ ոչ թէ իբր պարզ պատահարներ: «Փա՜ռք կու տամ Տիրոջ, որ կեանքիս ուղղութիւնը որոշելով՝ հասցուց մեր այս օրերուն», ըսաւ ան:
Հուսկ բանքով Յովնան սրբազան օրը իմաստաւորեց իբրեւ հարուստ՝ հոգեւոր իմաստով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ վերածնունդներու ապրումներ պարգեւեց: «Երգը, շարականն ու մեղեդին մեր կեանքին մէջ այն ներքին շարժումն են, որ անընդհատ կեանք կը պարգեւէ մեզ», ըսաւ ան՝ շնորհաւորելով Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի 50ամեայ ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ երգչախումբը, որ հայ երգը կը հնչեցնէ, աւելցնելով, որ ո՛չ մէկ պատարագ, ո՛չ մէկ արժէք կրնար նոյն կշիռը ունենալ, ինչպէս ունի Հայոց Կոմիտասեան պատարագը, որ պիտի մնայ բարձր արժէք հայ հոգեւոր գանձարանին մէջ: «Դուք սեպուհ պարտականութիւն մը ունիք՝ մարդուն մէջ արմատացնելով Տիրոջ գիտակցութիւնը՝ հայ երգին միջոցաւ»՝ ըսաւ առաջնորդը:
Քաջառողջութեան եւ երկար կեանքի մաղթանքներով, սրբազանը փակեց իր խօսքը: Ապա յոբելեարին յանձնեց «Հայոց խորանը» արծաթեայ յուշանուէրը:
Ներկաները մեկնեցան՝ քաջ գիտնալով, որ «Խաչատուրեան» դպրաց դաս երգչախումբի անդամները յիսնամեակի վաստակը պանծացուցին եկեղեցւոյ մայրուղիին վրայէն յաղթական թափօրի նման շքեղ գնացքով, 35 երկար տարիներ ըլլալով եկեղեցւոյ կեանքի գիրքին մէջ մայր էջի բովանդակութիւն եւ ոչ թէ լուսանցքի վրայ դրուած մեղեդի: