Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Յունուարի վերջին շաբաթավերջը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ։ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը, ըլլալով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը՝ նշուեցաւ յատուկ շուքով եւ տօնախմբութեամբ. Կիրակի, Յունուար 17ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ ու կատարեց մատաղի օրհնութիւն, իսկ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ։ Իբրեւ նախապատրաստութիւն այս տօնին, շաբաթավերջի երկու օրերուն եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողները ապրեցան տօնական տարբեր մթնոլորտ մը՝ լծուած ըլլալով մատաղի պատրաստութեան։
ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Արդարեւ, Շաբաթ, Յունուար 26ին, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամները, հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձուներու եւ նուիրեալ ծառայողներու հետ միասին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ լծուեցան մատաղի պատրաստութեան աշխատանքներուն։ Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցաւ նաեւ Կիրակնամուտի արարողութիւն, որուն ընթացքին երգուեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարին յատուկ շարականը. ժողովուրդը խոր հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ ըմբոշխնեց շարականին երգեցողութիւնը։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի առաւօտ, ծխական շրջանի հաւատացեալները խուռներամ եկեղեցի փութացած էին՝ ներկայ ըլլալու համար եպիսկոպոսական պատարագին։ Այս տօնին առիթով ստեղծուած աւանդութեան համաձայն՝ սրբազանը մատուցեց պատարագը։ Առաջնորդը «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ, դպրաց եւ սարկաւագներու թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ ու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան, եւ իրենց ընտանեկան հարազատները, ինչպէս նաեւ այլ բարերարներ ու ծառայողներ։
«Հայր մեր»էն առաջ, սրբազանը ողջոյնի խօսք եւ պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն՝ ըսելով. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը. մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի մեր պաշտպան սուրբին բարեխօսութեամբ, մեզ Իր պատուիրաններու պահպանութեան եւ գործադրութեան մէջ պահէ եւ մեր երկրաւոր կեանքը առաջնորդէ իր կամքին համաձայն»։
Առաջնորդը ողջունեց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարին եւ հարազատներուն, նաեւ եկեղեցւոյ բոլոր բարերարներուն, հովանաւորներուն, հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններուն։
Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ քրիստոնէութեան համար նահատակուած սուրբին սխրագործութիւններուն՝ վեր առնելով Ս. Սարգիսի եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի նահատակութեան իմաստը, յիշեցնելով, որ անոնք քաջաբար պաշտպանեցին քրիստոնէական հաւատքը եւ նահատակութեան գնով հաւատարիմ մնացին Քրիստոսի։ Առաջնորդ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ այսօրուան աշխարհի պայմաններուն եւ տարբեր բնոյթի սպառնալիքներուն՝ յորդորելով հետեւիլ Ս. Սարգիսի ու որդւոյն հաւատարմութեան օրինակին։
Առաջնորդը յորդորեց ներկաները ըսելով, որ Ս. Սարգիս, ինչպէս քրիստոնէական հաւատքին, նոյնպէս ալ պատերազմի մէջ անյաղթելի ախոյեան մըն էր, կը պայքարէր Քրիստոսի փառքին եւ քրիստոնէական լոյս հաւատքի ճշմարտութիւնը տարածելու համար։ Աշխարհի փառքը ոչինչ համարելով՝ ան Աստուծոյ գոհութիւն կու տար եւ աղքատներուն ու կարօտեալներուն կ՛օգնէր։
Հաւաքական խոստովանանքէ ետք, ներկայ հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան պատարագիչ առաջնորդէն եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ձեռամբ։
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւին, նախկին հոգաբարձուներուն, երեսփոխաններուն եւ եկեղեցւոյ ծառայողներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ Սիսի հայրենակցական միութեան հանգուցեալներու հոգիներուն համար։ Ապա տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Աւարտին, առաջնորդը նմանապէս հանդիսաւոր թափօրով եւ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր «Պահպանի»չով օրհնեց հաւատացեալները։ Երգուեցան «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա ներկայ հաւատացեալները օրհնուած մատաղէն բաժին առնելով՝ մեկնեցան։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Պատարագէն ետք, «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ մը՝ ներկայութեամբ գլխաւոր բարերարին, եկեղեցւոյ հովանաւորներուն, բարերարներուն, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ու գլխաւորութեամբ առաջնորդին։ Սրբազանը սեղանի օրհութիւնը կատարեց եւ ներկաները ճաշակեցին պատրաստուած մատաղը։
Արտասանուեցան սրտի խօսքեր։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք, հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Պապօշեանը արտասանելու համար իր խօսքը։ Տէր հայրը ողջունեց ներկայութիւնը առաջնորդին, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհիին, գլխաւոր բարերարին եւ բոլոր բարերարներուն, հոգաբարձուներուն, երեսփոխաններուն, տիկնանց միութեան անդամներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց կամաւոր աշխատանքը։ Խօսք առաւ նաեւ գլխաւոր բարերարին զաւակը՝ Նարեկ Կիտցինեանը, եւ հօր անունով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ընտանիքը։
Տէր հայրը հրաւիրեց Ռիմա Պօղոսեանը, որ իր սրտի խօսքը արտասանէ: Ան շնորհաւորեց ներկաները՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ու գնահատեց հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը՝ շեշտելով. «Հոն, ուր միութիւն կայ, հոն կայ զօրութիւն եւ համերաշխութիւն»։
Առաջնորդը արտասանեց եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը. ան եւս գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնն ու երեսփոխանական կազմը, ապա փակման աղօթքով՝ սիրոյ ճաշը հասաւ իր աւարտին։ Ներկաները վերանորոգուած ուխտով մեկնեցան սրահէն։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ԳԱԼՈՒՍՏ ՇՔՐՏՄԵԱՆ ԵՒ ԶԱՒԱԿԸ՝
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՀՐԱՆԴ ԵՒ ՄԱՐԱԼ ՇՔՐՏՄԵԱՆ