ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Փետրուար 9ին, առաւօտեան ժամը 9էն 11:30, հայ իրաւաբաններու հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Հայ իրաւաբանական միութեան եւ «Սաութուեսթըրն» իրաւաբանական համալսարանի Հայ իրաւաբանական ուսանողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, նոյն համալսարանի «Պուլաքս Ուիլշըր» շէնքին մէջ (3050 Wilshire Blvd., Los Angeles, CA, 90005):
Ապագայ հայ իրաւաբաններուն համար կազմակերպուող սոյն նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ երկրորդն է եւ անոր ընթացքին կարճ ելոյթներ պիտի ունենան դատաւորներ Անտրէ Մանսուրեան, Ժագլին æուլճեան եւ Զաւէն Սինանեան, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական զանազան մարզերէ ներս մասնագիտացած հետեւեալ փաստաբանները՝ Անիա Արտան, Ալիս Եարտըմ Հանթըր, Արամ Օրտուպեկեան, Էլին Դաւթեան, Ֆրետ Մեսրոպի, Ճերարտ Գասապեան, Ճան Թեհրանեան, Լարա Քայայեան, Ռէյմընտ Աղայեան, Ռիչըրտ Թաշճեան, Սելի Աւետիսեան, Սարա Պետիրեան եւ Սարօ Գերգոնեան:
Ներկաները առիթ պիտի ունենան հարցումներ ուղղելու եւ խորհրդակցելու նշեալ իրաւաբաններուն հետ:
Մուտքը ազատ է եւ նախաճաշ պիտի հրամցուի: Կանգառին սակը 8 տոլար է: Համալսարան հասնելու եւ ինքնաշարժ շարելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.swlaw.edu/directions կայքէջը:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբի համանախագահներ փրոֆ. Անահիտ Ղարախանեանին (agharakhanian@swlaw.edu) կամ Յովհաննէս Մարկարեանին (hovanes@margarianlaw.com):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.