
ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Յունուար 30ին, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, ընդառաջելով Իրանի մէջ հաւատարմագրուած Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Ադնան Մահմուդի հրաւէրին, այցելեց սուրիական դեսպանատուն՝ հանդիպելու համար Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան միւֆթիին (կրօնապետ) եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ:
Միւֆթին՝ դոկտ. Հասսունը, առաջնորդ հօր վաղեմի բարեկամն է. ան ծանօթ է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու Ցեղասպանութեան եւ սերտ յարաբերութիւններ ունի սուրիահայ համայնքի եւ յատկապէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր արժանաւոր գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին միւֆթին լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող ցաւալի դէպքերուն մասին:
Սրբազան հայրը, իր հերթին, ողջունեց միւֆթին եւ մաղթեց, որ շուտով խաղաղութիւն հաստատուի երկրին մէջ: Ուրբաթ, Փետրուար 1ին, միւֆթի Հասունն ու Սուրիոյ դեսպանը փոխադարձ այցելութիւն տուին սրբազան հօր: