
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Արմէնփրէս».- Լոս Անճելըսի մէջ 2013ը յայտարարուած է Արամ Խաչատրեանի տարի՝ նուիրուած մեծ յօրինողի ծննդեան 110ամեակին: Յոբելեանական տարուան ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ Մարտին կայանալիք համերգով մը, որուն պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսի Ֆիլհարմոնիք եւ Սենեկային նուագախումբերը, ինչպէս նաեւ «Դիլիջան» համերգաշարէն մենակատարներ: Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ հռչակաւոր «Hollywood Bowl»ի մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել 14,000 հանդիսատես:
Կը ծրագրուի նաեւ միջազգային մրցանակներու արժանացած «Արամ Խաչատրեան» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, իսկ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ խմբակին հետ գործակցութեամբ՝ պիտի կայանայ համերգ-դասախօսութիւն՝ նուիրուած Խաչատրեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան:
Նաեւ, «Զիփըր» համերգասրահին մէջ կազմակերպուող «Լարք» երաժշտանոցի «Դիլիջան» համերգաշարը եւս այս տարի ամբողջութեամբ նուիրուած է Արամ Խաչատրեանին:
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը առաջարկած է, որ Արամ Խաչատրեանի 110ամեակի տօնական միջոցառումներուն իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ Հայաստանի պետական Սենեկային նուագախումբը, իսկ գլխաւոր հիւպատոս Գ. Յովհաննիսեան վստահեցուցած է, թէ Խաչատրեանի յոբելեանական տարին Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ պիտի կազմակերպուի պատշաճ մակարդակով, եւ թէ լոսանճելըսեան միջոցառումները իրենց ծաւալով ու ընդգրկումով լաւագոյններէն մէկը պիտի ըլլան Արամ Խաչատրեանի յոբելեանական տարուան ընթացքին: Հիւպատոսութեան մշակութային հարցերու բաժինը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու այն կառոյցներուն հետ, որոնք կը փափաքին մաս կազմել Ա. Խաչատրեանի յոբելեանական տարուան կազմակերպման գործին: