ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Փարիզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին Չորեքշաբթի, Փետրուար 6ին յայտարարած է, թէ կտրականապէս համաձայն չէ այն պնդումներուն, թէ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ հաստատուած բանակցային գործընթացը ձախողած է արդէն:
Նարիշքինի համաձայն՝ պէտք է աւելի իրատես ըլլալ Արցախի հարցով եւ չակնկալել, որ այդ հակամարտութիւնը արագօրէն կրնայ կարգաւորուիլ:
Խորհրդարանի նախագահը նշած է նաեւ, որ եռակողմ հանդիպումները արդէն իսկ որոշ արդիւնք տուած են: «Համաձայնութիւն գոյացած են շարք մը հարցերու շուրջ, որոնք առիթ կ՛ընծայեն հակամարտութիւնը լուծելու նպատակով յաւելեալ քայլեր որդեգրելու», ըսած է Նարիշքին եւ աւելցուցած, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ պայմանագիրի շուրջ աշխատանքին գլխաւոր փորձաքարը կրնայ ըլլալ հանրաքուէ կատարելու հարցը, սակայն՝ «այդ եւս լուծելի է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.