ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Յունուար 12ին, աւելի քան 950 հոգու՝ մեծամասնութեամբ երիտասարդ, մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅԴի 122ամեակին նուրիուած ձեռնարկներու շարքին առաջինը, որ այս առիթով աւանդաբար կազմակերպուող ճաշկերոյթ-խրախճանքն էր:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Սիվիք» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի, որ իր ազգային ու հայրենասիրական երգերով խանդավառեց երեկոն՝ իսկական տօնակատարութեան մթնոլորտ ստեղծելով:
Փամպուքճեանի կողքին ելոյթներ ունեցան երգիչներ Անի Քրիսթի եւ Ճոզէֆ Գրիգորեան: Իւրայատուկ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Վիգէն Եագուպեանը:
Ձեռնարկը հովանաւորուած էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ եւ կազմակերպուած Լա Քրեսենթայի, Պըրպենքի ու Լոս Անճելըսի կոմիտէութեանց համագործակցութեամբ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Նազարէթ Ծատուրեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ներկաները ու յակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ ՀՅԴի դերակատարութեան՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութեան, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան պատմութեան մէջ: Ան միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին, որ նեցուկ կը կանգնի կուսակցութեան գործունէութեան եւ անոր առաքելութեան:
ՀՅԴի 122ամեակի տօնակատարութեան պաշտօնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Պետական երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, Կիրակի, Յունուար 27ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: Անոր ընթացքին պիտի փոխանցուի ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսն է Հայաստանի խորհրդարանի նախկին անդամ Լիլիթ Գալստեան: Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:
Համայնքը հրաւիրուած է մասնակցելու սոյն տօնակատարութեան, որ առիթ մըն է Հայ Դատին հանդէպ յանձնառութիւնը վերանորոգելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.