
Լոս Անճելըսի Խաչատուրեան դպրաց դաս երգչախումբի հիմնադրութեան 35րդ եւ նուիրեալ դպրապետ ու վարիչ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ծառայութեան 50րդ կրկնակ տարեդարձները տեղի պիտի ունենան Կիրակի 27 Յունուար 2013ին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30ին։
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ Յովնան արք. Տէրտէրեան։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբի կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի, իսկ երգեհոնահարութեամբ Գեղամ Աշճեանի։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի պիտի սարքուի սիրոյ սեղան եւ տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր եկեղեցւոյ Գալայճեան հանդիսասրահին մէջ։
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱԿԻՐՃ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
1977-1978 տարիներու ընթացքին մեծ թիւով պոլսահայեր հաստատուեցան Լոս Անճելըս, որոնք գիտէին թէ հայ դպրոցն ու եկեղեցին մեծ դեր կը խաղար ազգապահպանման ջանքերու կապակցութեամբ եւ այս պատճառաւ Պոլսոյ եկեղեցիներու երգչախումբերէ գաղթած բաւականաչափ թիւով դպիրներ իրենց կիրակնօրեայ դպրութեան պարտականութիւնը կը կատարէին Լոս Անճելըսի զանազան եկեղեցիներուն մէջ։
Ուրեմն պէտք էր կազմակերպուիլ ու հիմնել երգչախումբ մը, որ պիտի ծառայէր Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պայծառութեան։
Ահաւասիկ այս պայմաններուն մէջ երգչախումբ մը հիմնելու գաղափարը յղացան երեք գաղափարակից ընկերներ՝ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան, Սարգիս Սէթեան եւ Եդուարդ Նիզամեան։ Իսկ Կարպիս սրկ. Շահնազօղլու անջատաբար այս ուղղութեամբ կապ հաստատած էր առաջնորդ Վաչէ սրբազան հօր հետ։
12 Յունուար 11978ին, Հինգշաբթի օր, վերոյիշեալ անձնաւորութիւնները, խումբ մը այլ պոլսահայ դպիրներու հետ միատեղ, առաջնորդ սրբազանի բարեհաճ արտօնութեամբ, ժողով մը գումարեցին առաջնորդարանի Ուզունեան սրահին մէջ, նպատակ ունենալով պաշտօնապէս հիմնել երգչախումբ մը։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան գոհունակութեամբ ընդունեց ներկաներուն փափաքը եւ Պոլսոյ երգչախումերու մասին գնահատական խօսքերով արտայատուելէ յետոյ, յաջողութեան մաղթանքներով արտօնեց արական երգչախումբի մը կազմութիւնը։
Ներկայացուած բազմաթիւ անուններուն մէջէն որոշուեցաւ «Խաչատուրեան դպրաց դաս երգչախումբ» անունը, ի յարգանս Արեւմտեան թեմի առաջին առաջնորդ, Թրքահայոց Պատրիարք եւ Պոլսոյ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր ու վանահայր երջանկայիշատակ Գարեգին արք. Խաչատուրեանի։
Ստեփան Սարկաւագ սիրայօժար դարձաւ երգչախումբին վարիչը իսկ պատմական այդ ժողովին ներկաները համարուեցան երգչախումբին հիմնադիր անդամները։
Խաչատուրեան դպրաց դաս (ԴԴ) երգչախումբը, երկու տարիներ առաջնորդարանի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Մայր տաճար ծառայելէ յետոյ, 1980 թուականին Առաջնորդ Վաչէ Սրբազան Հօր արտօնութեամբ կը փոխադրուի Լոս Անճելըսի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցին ուր կը վայելէ, 14 տարիներ, հոգեւոր հովիւ Վարդան Ա. քհնյ. Տիւկէրեանի իսկ իր վախճանումէն վերջ, 13 տարիներ, Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի եւ օրուայ Ծխական Խորհուրդներու հոգածութիւնը։
1998 Օգոստոս ամսուայ մէջ Խաչատուրեան ԴԴ երգչախումբի հիմնադրութեան 20ամեակի առիթով կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն մը դէպի Հայաստան։ Երգչախումի անդամները, ներառեալ իրենց տիկինները, եւ համակիրներէ բաղկացած 149 հոգինոց ուխտաւորաց խումբը նախ կ՛այցելէ պատմական վանքեր եւ տեսարժան վայրեր։ 23 Օգոստոս 1998, Կիրակի օր, 32 առական կազմով, երգչախումբը կ՛երգէ Կոմիտասեան բազմաձայն Ս. Պատարագը Սուրբ Էջմիածնայ Մայր տաճարին մէջ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Ռուբէն սրկ. Սողոմոնեանի։ Այս ուխտագնացութիւնը առաջինը պիտի ըլլար իբրեւ սփիռքէն ժամանած երգչախումբ մը։
Իսկ, աւելի քան 27 տարիներ Ս. Սարգիս եկեղեցիին ծառայելէ յետոյ, 2007 թուականին, երգչախումբը, Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջարկ ու փափաքով կը հաստատուի Լոս Անճելըսի Պըրպանք քաղաքի նորակառոյց առաջնորդարան եւ կը դառնայ «Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբ»։
Խաչատուրեան ԴԴ Երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 30ամեակի առիթով, 2008 Ապրիլ ամսուայ մէջ կը կազմակերպէ ուխտագնացութիւն մը եւս այս անգամ դէպի Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 24 անդամներ ոմանք իրենց տիկիններով, ոմանք առանձին եւ մի քանի համակիրներ ընդամէնը 50 հոգիներ։
Երգչախումբը նախ այցելեց Պոլիս եւ պատարագեց Պոլսոյ Ազգային Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի յարակից Սուրբ Մատրան մէջ, առաջնորդութեամբ Ստեփան սարկաւագի։ Պոլսոյ մէջ մի քանի օրուան կեցութենէ ետք, խումբը մեկնեցաւ Tel Aviv օդակայան եւ մասնաւոր հանրաշարժով, մի քանի օրուան մէջ, զանազան տեսարժան վայրեր այցելելէ ետք անցաւ Երուսաղէմ։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի մէջ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ ոտնլուայի եւ խաւարման արարողութեանց եւ կ՛երգէ Զատկուայ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը Կոմիտասեան բազմաձայն եղանակով, գլխաւորութեամբ Ստեփան սարկաւագ Կէօզիւմեանի։ Երգչախումբը 35 տարիներու ընթացքին կ՛իրականացնէ անհամար Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւններ եւ աշխարհիկ համերգներ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Տիէկօ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Արիզոնա իւրաքանչիւր անդամ բերելով նաեւ իր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու։
ՅՈԲԵԼԵԱՐ ԵՒ ՎԱՐԻՉ ՍՏԵՓԱՆ ՍՐԿ. ԿԷՕԶԻՒՄԵԱՆԻ ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ
Ստեփան Սարկաւագ Կէօզիւմեան ծնած է 1950ին, Պոլսոյ հայաշատ թաղերէն Գումգաբուի մէջ։ Ան նախնական ուսումը կը ստանայ Ինճիրտիպի հայ Բողոքականաց վարժարանին մէջ։ 1960ին յայտնի երաժշտապետ Յարութիւն Չիլինկիրեանի առաջնորդութեամբ մուտք կը գործէ Գումգաբու Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Մանկանց դպրաց դաս, ուր իբրեւ ուսուցիչ կ՛ունենայ երաժշտապետ եւ դպրապետ Սերովբէ Սիրունեանը։
1962ին աւարտելով նախակրթարանը կ՛արձանագրուի Կեդրոնական Ազգային վարժարան։ Հակառակ դպրոցական շրջանի ծանր դասերուն, շաբաթը երկու օրեր, Դպրապետ Սիրունեան յատուկ դասերով Ստեփանին կը դասաւանդէր շարականի երգեցոթութիւններ, ծիսակատարութիւն եւ հայկական նօթագրութիւն։
Սերովբէ Սիրունեանի անսպասելի մահէն յետոյ Ստեփան կը հետեւի Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երաժշտապետ եւ դպրապետ Յովսէփ Պըտըլիկեանի փորձերուն։
1967ին, Գումգաբուի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի առաջարկով, Ստեփան կը ստանձնէ նոյն եկեղեցւոյ դպրապետի մնայուն պաշտօնը։
1968ին Ստեփան, Կեդրոնական Ազգային Վարժարանէն իր վկայականը ստանալէ յետոյ, կը յաջողի համալսարանական մուտքի քննութեանց եւ կ՛ընդունուի Տարրաբանական ճարտարագիտական ճիւղէն ներս։
Ստեփան եւրոպական նօթագրութեան, շարականի եւ բազմաձայն երգեցողութեանց գիտելիքները աւելի յաջող ձեւով կատարելագործելու մտօք յատուկ սօլֆեժի դասեր կը ստանայ վաստակաւոր երաժշտապետ փրոֆ. Ժիրայր Ասլանեանց։ Իսկ 22 Օգոստոս 1968ին, ձեռամբ Շահան սրբ. Սըվաճեանի, կ՛ունենայ ուրար կրելու արտօնութիւն։
1970 Փետրուար ամսուայ ընթացքին, Ստեփան, մարզելով 6 տարեկանէն մինչեւ 15 տարեկան 50 պատանիներէ բաղկացած մանկանց երգչախումբը, կ՛իրականացնէ յաջող երկու համերգներ, որոնց յայտագիրը ամբողջովին կը բաղկանար հանրածանօթ երգահան Սիրվարդ Գարամանուկեանի յօրինած երգերէն։
Ստեփան փոխ վարիչ կը նշանակուի յայտնի երաժշտապետ Խաչիկ սրկ. Եըլմազեանի կողմէ Ենիգիւղ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հիմնուած Խաչատուրեան երկսեռ երգչախումբին, իսկ Եըլմազեանի արտասահման գաղթումէն յետոյ կը ստանձնէ ղեկավարութեան պաշտօնը։ 1972ին, վարիչ Նուպար Ազնաւուրեանի մահէն յետոյ կը ստանձնէ Գումգաբուի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Վառվառեան Երգչախումբի, իսկ 1972 Սեպտեմբեր ամսուայ մէջ ալ, Գէորգ Պօյաճեանի հրաժարումէն վերջ, կը ստանձնէ նաեւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց երկսեռ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնները։
Ստեփան, Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 100ամեակին առթիւ եւ կարգ մը բարեգործական միութիւններու առաջարկին ընդառաջելով, կը սարքէ յաջող համերգներ խլելով Պոլսոյ հայ համայնքին արդար գնահատանքը։
1977ին ան կ՛ամուսնանայ Նատիա Հօրօզեանին հետ1 1977 Ապրիլին Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովը Ստեփան Կէօզիւմեանին կը շնորհէ սարկաւագութեան աստիճան:
27 Մայիս 1977ին, Ստեփան եւ Նատիա Կէօզիւմեաններ, Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի հրաւէրով, կը գաղթեն Ամերիկա եւ կը հաստատուին Լոս Անճելըս։ Իսկ 1978ին Ստեփան սարկաւագ իր երկու գաղափարակից ընկերներով, 28 պոլսահայ դպիրներու մասնակցութեամբ եւ Վաչէ սրբազան հօր արտօնութեամբ կը կազմեն Խաչատուրեան դպրաց դաս երգչախումբը։
Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ Խաչատուրեան ԴԴ երգչախումբը, առաջնորդութեամբ անձնուէր վարիչ Ստեփան սարկաւագի մեծ համբաւ կը ստանայ Լոս Անճելըսի հայ համայնքէն ներս։
1998ին Խաչատուրեան ԴԴ երգչախումբը իր հիմնադրութեան քսանամեակին առթիւ կ՛իրականացնէ ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստան եւ երգչախումբը կ՛երգէ Ս. Պատարագը Սուրբ Էջմիածնայ Մայր տաճարին մէջ ուր նոյն օրը, Ս. Պատարագէ յետոյ, Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս Սարգիսեանը, երկար տարիներու եկեղեցւոյ ծառայութեանց առ ի գնահատանք, Ստեփանին կը շնորհէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանն ու սրբատառ կոնդակը։
Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան, իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, սիրած է եկեղեցին սիրած է Յիսուս Քրիստոսը եւ իր անխոնջ ու անձնուէր ծառայութիւնը բերած է ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Յոբելեար Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան ներկայիս կը ծրագրէ Կոմիտասեան Բազմաձայն Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները ձայնագրել խտասալիկի վրայ երաժշտական նուագակցութեամբ, որուն համար արդէն տարիէ մը ի վեր Պոլսահայ յայտնի երաժշտագէտ Պրն. Մաժակ Թօշիկեանի հետ աշխատանք կը տանի։