ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, Յունուար 13ին, եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներն ու դպիրները։
Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նկարագրային գիծերուն ու առաքելութեան։ Ան ըսաւ, որ սուրբերը իրենց մաքուր կենցաղով, ուսուցումով եւ նահատակութեամբ սո՛ւրբ կը կոչուին. Յովհաննէս Մկրտիչ իր կեանքի ընթացքին եղաւ սուրբ, որովհետեւ մաքուր ճգնաւոր մը եղաւ, ուսուցանող ուսուցիչ եւ ի գին նահատակութեան՝ արդարութիւնը պաշտպանեց։ Ան ջուրով մկրտեց եւ ժողովուրդին թելադրեց արդարութեամբ ապրիլ։ Ան խիզախ եւ արդար անձ մըն էր, որ յանդիմանեց Հերովդէս թագաւորը, նշելով, որ օրէնքի սահմաններուն մէջ արտօնուած բանը ոչ անպայման բարոյական սկզբունքներով ընդունելի է, եւ իր յանդուգն արդարամտութեան պատճառով գլխատուեցաւ։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ մատաղը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հաւատացեալներ իրենց տուները վերադարձան հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ՝ նախագահութեամբ սրբազան հօր, ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեանի, Ազգային վարչութեան անդամներ տոքթ. Նաւասարդ Գազազեանի եւ տոքթ. Միսաք Պարսամեանի, Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Մակի Սարգունիի, շրջանի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձական եւ երեսփոխանական կազմերուն, տիկնանց միութեան, ինչպէս նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Տարօն Տուրուբերան հայրենակցական միութեան, «Րաֆֆի» Ռումանահայ մշակութային միութեան, «Սահակեան» վարժարանի սանուց միութեան ներկայացուցիչներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, Հայ աւետարանական «Մերտինեան» վարժարանի ներկայացուցիչներու, սարկաւագաց ու դպրաց դասի անդամներու, եկեղեցւոյ բարերարներու եւ բարեկամներու, որոնց շարքին՝ նորակառոյց Ս. խորանի նուիրատու տէր եւ տիկ. Յակոբ Դաղլեան ամոլին, եւ հաւատացեալ բազմութեան։
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդը։
Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած այս հանդիսութեան առիթով, հովիւն ու հոգաբարձութիւնը պատուեն վաստակաշատ ու անձնազոհ ծառայողներ։ Այս տարի յատուկ գնահատանքի արժանացաւ տասնամեակներ շարունակ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ որպէս սարկաւագ իր ծառայութիւնը բերած Սեդրակ Ա. սրկ. Յովհաննիսեանը։ Յատուկ գնահատանքի եւ պատիւի արժանացաւ նաեւ կրթական հաստատութիւններէ ներս 50 տարիներու վաստակ կերտած Աշխէն Իսբէնճեանը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը ներկայացուց Աշխէն Իսբէնճեանի հակիրճ կենսագրականը, ստացած ուսումը, եւ գնահատեց անոր ունեցած շուրջ 50 տարուան ծառայութիւնը՝ հայ լեզուի ուսուցման ճամբով՝ ազգին ու հայրենիքին, Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Լոս Անճելըս։ Ան գնահատեց նաեւ անոր քուլիսային աջակցութիւնն ու նուիրումը իր ամուսնոյն՝ Աւետիս Իսբէնճեանի, նաեւ գուրգուրալից եւ գորովագութ մայր ըլլալու անոր հանգամանքը՝ հանդէպ իր զաւակներուն՝ Կարոյի եւ Րաֆֆիի, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը բերեն ՀՅԴ կուսակցութեան եւ ՀՄԸՄին։ Ապա, տէր հայրը հրաւիրեց Աշխէն Իսբէնճեանի աշակերտուհիներէն՝ Մարալ Թուլումեանը, որ իր սիրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։
Հանդիսութեան եւ ճաշկերոյթին կային հովանաւորներ, ինչպէս տէր եւ տիկ. Վահէ Կարապետեան, Մակի Բլիկեան եւ Ասլանեան ընտանիքը, որ իր հօր՝ Գէորգ Ասլանեանի, յիշատակին հոգեճաշ մատուցեց։ Հանդիսութեան ընթացքին եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Տէր հայրը, յանուն հոգաբարձութեան՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն։
Ապա, տէր հայրը հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տաճատ Երէցեանը, որ հոգաբարձութեան անունով յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Սեդրակ Ա. սրկ. Յովհաննիսեանին ու Աշխէն Իսբէնճեանին։
Քրիսթին Ճերեան-Խարմանտալեան՝ ներկայացուցիչը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթիի, գնահատագիր մը յանձնեց Աշխէն Իսբէնճեանին։ Ապա, Աշխէն Իսբէնճեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Երախտապարտ եմ Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն՝ ձեր բոլորին։ Իմ 50ամեայ ծառայութեանս ընթացքին յուսամ կրցայ իմ կարելին ընել դաստիարակելով սերունդներ»։
Պաշտօնական յայտագիրին կողքին իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի եւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ։ Կիրակնօրեայ դպրոցէն փոքրիկն Գէորգ Մկրտչեան դհոլի վրայ նուագեց, իսկ Անժելիքա Մարապեան արտասանեց 150րդ սաղմոսը։ «Փիլիպոս»ի աշակերտ-աշակերտուհիներէն խումբ մը ներկայացուց հայկական պարեր։ Նաեւ, Անահիտ Ներսէսեան եւ Սուրէն Ա. սրկ. Հազարեան մեներգեցին՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի:
Յայտագիրի աւարտին տէր հայրը հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ իր հերթին Աշխէն Իսբէնեանին շնորհեց Օրհնութեան գիր մը, զոր տէր հայրը ընթերցեց։ Սրբազանը ըսաւ, թէ այսօր մեր ուխտը վերանորոգելու օր է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ հաւատարմութեամբ, կարգապահութեամբ, խոնարհութեամբ եւ բարոյական սկզբունքներով մեր ծառայութիւնը բերենք Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր ազգի յաւերժութեան համար։ Ապա յատուկ կերպով գնահատեց Աշխէն Իսբէնճեանը՝ իր 50ամեայ ծառայութեան համար։ Սրբազանը ըսաւ. «Աստուծոյ պարգեւած բոլոր շնորհքները առնելով՝ տիկ. Աշխէն խոնարհութեամբ եւ հաւատարմութեամբ զանոնք կրկնապատկեց եւ վերադարձուց ժողովուրդին»։ Սրբազանը նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրատուները եւ ներկայ հաւատացեալները՝ իրենց ծառայութեան եւ նուիրաբերումին համար։
«Պահպանի»չ աղօթքի օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ օրուան խանդավառ հանդիսութիւնը։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՐԱՖՖԻ ԻՍԲԷՆՃԵԱՆ
—————————————————-
ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ