ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2013ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի շարունակէ մնալ, յաչս ժողովուրդին, սպային դերակատարութեան եւ հեղինակութեան բարձրացման հարցը: 18 Յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Անոր համաձայն, նախորդ տարի յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է սպայական կազմի համալրմանը. արդարեւ, զինուած ուժերու շարքերը համալրուած են 700 սպայով: «Դա խօսում է այդ հարցի հանդէպ լուրջ ուշադրութեան մասին», յայտնած է Օհանեան:
Իբրեւ պահեստ նկատի առնուած է կամ այլ պաշտօններու վրայ դրուած է 325 անձ, որոնց կարգին՝ 7 զօրավար եւ 35 գնդապետ: «Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի սպայի պատիւն արատաւորողների հարցին», վստահեցուցած է ան: Ըստ նախարարին, բոլոր ջանքերը կը միտին զինուած ուժերու շարքերուն մէջէն փտածութեան արմատահանման։ Կատարուած աշխատանքին շնորհիւ արդէն զգալի յաջողութիւններ արձանագրուած են կարգ մը բացասական երեւոյթներու բացառման իմաստով, օրինակ՝ կաշառքով նախընտրած վայրին մէջ ծառայելը, նաեւ՝ գնումներու կազմակերպման բնագաւառին մէջ անօրինականութիւնները: Բացի անկէ, նախորդ տարիէն սկսեալ Հանրապետութիւնը աշխոյժ կերպով կը մասնակցի փտածութեան վերացման միջազգային նախաձեռնութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.