ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի անուանակոչութեան եւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօներու առթիւ, Փետրուար 7ին երեկոյեան ժամը 7ին, սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ:
Պատարագի աւարտին, Մայր տաճարին մէջ սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ շնորհահանդէս՝ «Սուրբ պատարագի պատշաճներ՝ Կիրակի եւ մասնաւոր տօնական օրերու եւ եկեղեցական գիտելիք» գիրքի Բ. հատորին: Հատորին խմբագրական աշխատանքը կատարած է Արեւմտեան թեմէն ներս հովուական պաշտօն վարած եւ վախճանած Տիրայր Ծ. վրդ. Տէրվիշեանը:
Գիրքին ներկայացումը պիտի կատարէ առաջնորդարանի գրադարանի եւ միջեկեղեցական բաժանմունքի տնօրէն Հայկ Մատոյեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.