ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Չորեքշաբթի 16 Յունուար 2013ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին փոխանցել էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքները:
Վեհափառ հայրապետը լսելէ յետոյ դեսպանին զեկոյցը իր կարգին շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-
1) Անհրաժեշտ է կարելի փութով քաղաքական լուծում մը գտնել Սուրիոյ տագնապին, առաջքը առնելու համար մարդկային նոր կորուստներու:
2) Անհրաժեշտ է Սուրիան հեռու պահել արտաքին միջամտութիւններէ եւ նկատի ունենալ միայն ժողովուրդին կամքը ու երկրին գերագոյն շահերը:
3) Որեւէ կարգադրութեան պարագային անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ քրիստոնեայ համայնքներուն իրաւունքները ու անոնց յատուկ տեղն ու դերը Սուրիոյ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքէն ներս, որպէս անանջատելի մասը սուրիական ընկերութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.