Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը յայտարարէ «Լեւոն Շանթ» թատերգութեան մրցանակաբաշխութիւն:
ՆՊԱՏԱԿ.- Ժամանակակից հայ թատերգութեան զարգացում, խթանում, այս ժանրի մէջ ստեղծագործող նոր անուններու, թատերգութեան ժամանակակից ուղղութիւններու բացայայտում, հայ թատերական արուեստի լաւագոյն աւանդոյթներու շարունակականութիւն, նոր թատերգութիւններու բեմադրութեան աջակցութիւն:
ԹԵՄԱ.- Ազգային եւ համամարդկային արժէքներ, անհատի եւ ինքնութեան փնտռտուք, մեր ժամանակի հերոսը:
Մրցանակները՝
1ին տեղ՝ 1,000,000 դրամ
2րդ տեղ՝ 800,000 դրամ
3րդ տեղ՝ 600,000 դրամ
Սահմանուած են նաեւ երկու խրախուսական պարգեւներ՝ 200,000ական դրամ:
ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ.- Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ հեղինակներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Կ՛ընդունուին միայն չտպագրուած, չբեմադրուած կամ չհրապարակուած աշխատանքներ՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, առանց ժանրային սահմանափակումներու:
Աշխատանքները պիտի ներկայացուին միաժամանակ ելեկտրոնային եւ առձեռն տարբերակներով (կամ փոստով):
Նուազագոյն ծաւալը՝ 25 էջ, առաւելագոյնը՝ 50 էջ, (տառատեսակը՝ Եունիքոտ, MS Word, RAR, PDF կամ ZIP ծրագիրներով, էջը՝ 1800 նիշ):
Գործերը ներկայացնել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի գրասենեակ՝ 0002, ք. Երեւան, Մաշտոց 37, բնկ. 14, ինչպէս նաեւ զանոնք ուղարկել հետեւեալ ե-հասցէին՝ hamazg@netsys.am:
Սփիւռքահայ մասնակիցները իրենց աշխատանքները կրնան ներկայացնել նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ՝ P.O.Box: 70-1028, M.&H. Arslanian college, Antelias, Lebanon, եւ ուղարկել հետեւեալ ե-հասցէին՝ central@hamazkayin.com:
Աշխատանքին պէտք է կցուի նամակ մը, ուր անհրաժեշտ է նշել հեղինակին անունը, ազգանունը եւ հայրանունը, թատերգութեան անունը, հեղինակի բնակութեան վայրը, փոստային հասցէն, ե-հասցէն, հեռախօսահամարը, կենսագրական տուեալներ եւ մէկ լուսանկար:
Լաւագոյն աշխատանքները պիտի ընտրուին 7 հոգիէ բաղկացած դատակազմի մը կողմէ, որուն անդամները մրցոյթին մասնակցելու իրաւունք չունին:
Աշխատանքները դատակազմին պիտի ներկայացուին ծածկագիրով՝ փակ ծրարներու մէջ:
Մրցանակային տեղերու արժանացած գործերուն հետագայ օգտագործման՝ հրատարակում, բեմադրում եւ այլ բոլոր իրաւունքները կը պատկանին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան:
Աշխատանքներու ներկայացման վերջնաժամկէտն է 2013ի Ապրիլ 15ը:
Արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ հրապարակուին 2013ի Յունիս 15ին:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած փիեսները պիտի հրատարակուին առանձին ժողովածուով մը, իսկ առաջին տեղին արժանացած աշխատութիւնը պիտի բեմադրուի Համազգայինի աջակցութեամբ:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել հետեւեալ թիւին. (+374 10) 53-39-49:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.