ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Իւքոմ» ընկերութեան տնօրէն Հայկ Եսայեան 17 Յունուարին՝ հանդիպում ունենալով Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հետ, յայտնած է, որ երեւանեան դպրոցներուն տրամադրուող համացանցային կապի արագութիւնը պիտի քառապատկուի՝ հասնելով 20 մեկապայթ/վայրկեանի: «Գերարագ ինտերնետ ունենալու հնարաւորութիւն շուտով կ՛ունենան նաեւ Աբովեան քաղաքի դպրոցները, իսկ հանրապետութեան մնացած դպրոցներին տրամադրուած ինտերնետի արագութիւնը կը բարձրացուի աստիճանաբար», նշած է Հայկ Եսայեանը: Ան կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ այդ բնագաւառի զարգացման իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունի համացանցը:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատած է համացանցին դերակատարութիւնը կրթական մարզին մէջ: «Սա շատ ուրախալի լուր է, քանի որ կարեւոր է, որպէսզի դպրոցներում տեխնիկական հնարաւորութիւնները համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներին», յայտնած է նախարարը։
Ըստ նախարարին, Հայաստանի մէջ տակաւին կան դպրոցներ, որոնք ապահովուած չեն համացանցով: Դպրոցները ժամանակակից կապով ապահովելուն զուգահեռ կ՛աւելնայ նաեւ համակարգիչներուն թիւը: «Եթէ 2006ին Հայաստանում 400 աշակերտի հասնում էր մէկ համակարգիչ, ապա այս տարի 22ին է հասնում մէկը», յայտնած է Աշոտեանը:
Հայաստանի կրթական ցանցին մաս կը կազմեն 1422 դպրոցներ՝ իրենց կապի սարքաւորումներով, տեղային համակարգչային ցանցերով եւ աւելի քան 16 հազար համակարգիչներով: Մարզերուն դպրոցները ապահովուած են «Իւքոմ»ի մինչեւ 2 մեկապայթ/վայրկեան արագութիւն ունեցող համացանցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.