ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վանաձորի մէջ սկսած են Լոռիի մարզային առողջապահական կեդրոնի ծննդատան շինարարութեան հողային աշխատանքները: Մարզին, յատկապէս նախկին վարչական շրջաններուն՝ Տաշիրի, Ստեփանաւանի, Սպիտակի, Ալավերդիի, Գուգարքի բնակչութիւնը յաճախ բարձրակարգ բժշկական օգնութիւն, յատկապէս ծննդաբերութեան ծառայութիւն ստանալու համար ստիպուած կ՛ըլլայ երթալ Երեւան, ինչ որ յաւելեալ վտանգ, ծախս եւ դժուարութիւն կ՛ենթադրէ։ Նոր, գերժամանակակից կեդրոնի կառուցումէն յետոյ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել առաւել որակեալ ու մատչելի բժշկական օգնութիւն: Կեդրոնի կառուցումը կեանքի կը կոչուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ եւ իրականութիւն կը դառնայ անոր անմիջական վերահսկողութեամբ:
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած են, որ առողջապահական կեդրոնի կառուցումը շուրջ 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիր է, որու նիւթականը կը յատկացուի Համաշխարհային դրամատան ու «Տաշիր» հիմնադրամին կողմէ: Նշեալ ծրագիրին մօտ 30 տոկոսը ծննդատան կառուցումն է. անիկա պիտի իրականացուի Կարապետեաններու ընտանիքին ֆինանսաւորումով: Կեանքի կոչուած է ծրագիր մը, որ Կարէն եւ Սամուէլ Կարապետեաններու գործունէութեան հիմնական հաւատամքին առանցքը կը կազմեն՝ աջակցել ոչ միայն որոշ խումբերու, այլեւ առաջին հերթին պետութեան, յատկապէս այն բնագաւառներուն մէջ, ուր պետութեան կարելիութիւնները տակաւին լիարժէք կերպով չեն դրսեւորուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.