
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».– Հայաստան կատարելիք իր այցելութեան նախօրեակին Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլին բացառիկ հարցազրոյց տուած է «Մետիամաքս» գործակալութեան։ Հարցազրոյցէն հատուածներ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հ.– Հասկնալի պատճառներով Հայաստանը կը պաշտպանէ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքը, իսկ Վրաստանը՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը: Արդեօք ասիկա հարցեր չի ստեղծեր երկու երկիրներու յարաբերութեան մէջ։
Պ. Իվանիշվիլ.– Ես հակասութիւններ չեմ տեսներ այդ երկու սկզբունքներուն միջեւ:
Վրացական կողմը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ հակամարտութիւններու շուտափոյթ կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գծով: Վրաստանը կը պաշտպանէ տարածքային ամբողջականութեան եւ իւրաքանչիւր պետութեան ինքնիշխանութեան ընդհանուր սկզբունքները:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, ապա Վրաստանը հանդէս կու գայ այդ հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու օգտին՝ հիմնուելով միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ սկզբունքներուն վրայ:
Հակամարտութեան հանգուցալուծման գործընթացին մէջ պարտադիր է միջազգային հանրութեան աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը:
Հ.– Հայաստանը եւ Վրաստանը կը վիճին Թիֆլիսի մէջ եկեղեցիներու պատկանելութեան հարցով: Մինչ կողմերը կը վիճին, եկեղեցիները փուլ կու գան կամ փուլ գալու վտանգ կը դիմագրաւեն։ Յունուարի սկիզբը մենք այցելեցինք Թիֆլիս եւ տեսանք, որ Նորաշէն եկեղեցւոյ ճակատային մասի ճեղքերը զգալիօրէն աւելցած են, եւ եկեղեցին կրնայ փուլ գալ որեւէ պահու։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ հարցի լուծման գծով։
Պ. Իվանիշվիլ.– Վրաստանի տարածքին գտնուող բոլոր յուշարձանները կը պաշտպանուին պետութեան կողմէ: Պէտք է նշել, որ երկար տարիներ Վրաստան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է մշակութային եւ ճարտարապետական ժառանգութեան պահպանման: Սակայն մենք մտադիր ենք այս գծով ներդրումները աւելցնելու՝ պետական եւ այլ իմաստով։ Պէտք չէ վիճիլ, այլ աշխատիլ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ, որովհետեւ անոնք ընդհանուր հոգեւոր եւ տնտեսական պաշար կը ներկայացնեն։