
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յունուար 11ի առաւօտեան իմացած է, որ դաժան սպանութեան զոհ գացած է Արամեան-Ունճեան վարժարանի համակարգիչի երկարամեայ թուրք ուսուցիչ Իլքեր Շահինը։
Անծանօթ մը կամ անծանօթներ, Գատըգիւղ գտնուող անոր բնակարանին մէջ յարձակած են ուսուցիչին վրայ ու կտրած են անոր կոկորդը։ Թէ ինչո՞ւ կատարուած է այս ոճիրը՝ յայտնի չէ, սակայն ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ սպանութիւնը գողութեան նպատակով չէ կատարուած։
Թերթը կապ հաստատած է «Արամեան» վարժարանի տնօրէնուհի Լեռնա Գարաքիւթիւքի հետ, որ հաստատած է, թէ լուրը ճիշդ է։
Հայաստանի «Թերթ» լրատու գործակալութիւնը այս լուրը հաղորդած է՝ իբրեւ հայ ներկայացնելով Իլքեր Շահինը, եւ յիշեցնելով, որ երկու շաբաթ առաջ Սամաթիոյ մէջ տարեց հայ կին մը եւս սպաննուած էր՝ նոյն ոճով: Բայց Շահին հայ չէր։
Պոլսոյ բոլոր թերթերը արձագանգ հանդիսացած են այս լուրին՝ ընդգծելով, որ Շահին հայկական վարժարանի մը ուսուցիչն էր պարզապէս։
«Յուսանք, որ շուտով կը պարզուին ոճիրին մանրամասնութիւնները ու երեւան կը հանուին ոճրագործը կամ ոճրագործները», կը գրէ «Մարմարա»։