ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, «Լրագիր» լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքը աշխատանքներ կը տանի երկրի նախագահին եւ կառավարութեան հետ՝ Ազգային ժողովին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատման համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ներկայացնելու ուղղութեամբ:
Ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացուցած է, սակայն ըստ Մուրատ Փափազեանի, բոլորին յայտնի է, որ օրինագիծը պիտի չընդունուի, քանի որ սահմանադրական խնդիրներ ունի:
«Պէտք է այլ լուծումներ գտնել: Կայ այլ ծրագիր, որ պիտի կազմուի կառավարութեան եւ նախագահին հետ: Հայկական գաղութը այս ծրագիրին շուրջ կ՛աշխատի, ոչ թէ Վալերի Պուայէի ծրագիրին շուրջ, որ յաջողութեան չի կրնար հասնիլ: Այսօր նոր իշխանութիւններ կան, խօսք կայ նախագահին կողմէ, որ կառավարութիւնը իր օրակարգին վրայ պիտի դնէ այդ հարցը, աւելի խելացի է, որ կառավարութիւնը դնէ, որովհետեւ իրենք մեծամասնութիւն կը կազմեն թէ՛ Ազգային ժողովին, թէ՛ Ծերակոյտին մէջ», ըսաւ Փափազեան:
Ան առայժմ չի մանրամասներ, թէ ինչո՛վ պիտի տարբերի այս օրինագիծը Պուայէի երկրորդ օրինագիծէն: Օրինագիծը արդէն այս տարի պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի ու Ծերակոյտի հաստատման:
Մուրատ Փափազեան նշեց, որ աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի ատիկա հակասահմանադրական չնկատուի եւ չարժանանայ Պուայէի նախորդ օրինագիծի ճակատագիրին:
«Վտանգ մը կայ: Առաջին անգամ ճանչցուեցաւ հակասահմանադրական, ուրեմն երկրորդ անգամ պէտք է անպայման 100 առ հարիւր վստահութիւն ունենանք, այլապէս ուրիշ առիթ չենք ունենար», նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.