Համաշխարհային մեծագոյն կայքէջներէն մէկը՝ «timegenie.com»ը, որ կը ներկայացնէ ընթացիկ օրուան ժամը եւ թուականը 264 երկիրներու 7551 քաղաքներու պարագային, ըստ ատրպէյճանցիներուն, խախտած է իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը:
Փաստօրէն, կայքէջը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը. հոն գրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ներկայացուած է դրօշակը, կան նաեւ այլ տեղեկութիւններ Ղարաբաղի մասին։ Այս մասին կարելի է տեսնել այցելելով http://rus.timegenie.com/city.time/xstrt։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.