
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ հայկական նախարարութիւններն ու կազմակերպութիւնները պիտի կազմակերպեն տարբեր տարողութեամբ ձեռնարկներ եւ նախաձեռնութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը այս առումով մեծ աշխատանք ունի տանելիք, որպէսզի աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնէ, որ թուրքերը մէկ դար առաջ հայերուն նկատմամբ ոչ միայն ֆիզիքական բնաջնջում կատարած են, այլ նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործած են։
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ մշակոյթի նախարարութիւնը պիտի կազմակերպէ շրջուն ցուցահանդէս, որ պիտի ներկայացուի տարբեր երկիրներու տարբեր ամպիոններուն մէջ՝ Ազգային ժողովներու, նախարարութիւններու շէնքերու եւ այլուր: «Մենք պէտք է այնպէս անենք, որ ուր էլ պտտուենք, հանդիպենք հայկական մշակոյթի ներկայացմանը», նշած է նախարարը:
Լուսանկարներու եւ մշակութային արժէքներու շրջուն ցուցահանդէսը հաւաքական կերպով պիտի ներկայացնէ հայկական քաղաքակրթութիւնը: Ցուցահանդէսի զգալի հատուածը, բնականաբար, նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Պիտի հաւաքագրուի եւ պիտի ստեղծուի Ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքերու մատենաշար:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող մօտ 20 ժապաւէններու բեմագրութիւն: «Մենք այս անգամ ցանկանում ենք, որ ստացուածներից լաւագոյնը ընտրի նախատեսուելիք միջազգային ժիւրին: Անհրաժեշտ է, որպէսզի «դրսի աչքով» դիտուեն դրանք, եւ ճիշդ ընտրութիւն կատարուի», ըսած է Յասմիկ Պօղոսեան: Պիտի կազմակերպուին նաեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու մրցումներ։
Մշակոյթի նախարարը չէ բացառած, որ նշեալ ծրագիրները որոշ փոփոխութեան ենթարկուին կամ այլ ձեռնարկներով փոխարինուին։ «Սակայն պէտք է նշեմ, որ հիմնական եւ անհրաժեշտ անելիքը դեռեւս գտնուած չէ, եւ աշխատանքներ ենք տանում այդ ուղղութեամբ: Ցեղասպանութեան թեման մեզ այնքան ցաւ պատճառած նիւթ է, որ մենք անընդհատ խօսում ենք երեւոյթի մասին, սակայն չենք կարողանում գտնել այն գլխաւոր միջոցառումը, որը պէտք է կազմակերպել», յայտնած է Յասմիկ Պօղոսեան:
Նախարարը նշած է, որ անհրաժեշտ է շեշտել եւ խօսել ոչ միայն դաժանօրէն սպաննուած 1.5 միլիոն հայերուն մասին, այլ նաեւ այն բոլոր կորուստներուն, զորս ունեցած ենք Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք. այսինքն՝ տարբեր ձեւերով ընդգծել իւրաքանչիւր հայու կորուստը որպէս մեծ անհատականութեան՝ գիտնականի, բժիշիկի, երաժիշտի, հասարակական, քաղաքական գործիչի եւ այլն: «Մենք հնարաւորինս պէտք է մեր ժողովրդի հոգեւոր ներուժը ցոյց տանք», շեշտած է Յասմիկ Պօղոսեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը խթանելու ու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներ համակարգելու նպատակով ստեղծուած է պետական յանձնաժողով եւ հաստատուած է յանձնաժողովի կազմը:
Յանձնաժողովին նախագահը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն է: