
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 10 Յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար դեսպան Հէյտի Տալեավինին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան դրական նկատած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներու կատարելագործման ուղղութեամբ կառոյցին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
Նախարար Նալբանդեան վերահաստատած է 18 Փետրուարին կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կայացնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն վճռականութիւնը:
Նախարարը ընդգծած է, որ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցաբար ծաւալուն բարեփոխումներ կատարուած են՝ մասնաւորապէս նախորդ տարի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն տարի մը առաջ ընդունուած եւ ուժի մէջ մտած է նոր Ընտրական օրէնսգիրքը, որ արժանացած է Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի համաձայնութեան:
Դեսպան Տալեավինի շնորհակալութիւն յայտնած է դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳին յղուած հրաւէրին համար եւ վստահեցուցած, որ դիտորդական առաքելութիւնը անաչառ պիտի ըլլայ:
Նախարարը նշած է, որ նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւնները դրական գնահատուած էին միջազգային կառոյցներուն կողմէ, որոնք նաեւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացուցած են ընտրական գործընթացները բարելաւելու նպատակով: Այդ առաջարկներու գործադրութեան համար նախորդ տարուան Օգոստոսին Հայաստանի նախագահի որոշումով ստեղծուած է յատուկ աշխատանքային խումբ։
Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի գան ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան խումբին մաս կազմող երկարաժամկէտ դիտորդները, ու դիտորդական առաքելութիւնը պիտի սկսի աշխատիլ ամբողջական ծաւալով. կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն հետեւին 24 երկարաժամկէտ եւ շուրջ 250 կարճաժամկէտ դիտորդներ: