ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իրաքի սահմանակից Շըրնաք նահանգի Ուլուտէրէյի (Ռոպոսքի) շրջանին մէջ 28 Դեկտեմբեր, 2011ի երեկոյեան թրքական զինուորական օդանաւերու կողմէ ռմբակոծումներու պատճառով 34 քիւրտ երիտասարդներ սպաննուած են։ Անոնց ի յիշատակ տեղի ունեցած սգահանդէսին մասնակցած է Պոլսոյ Եշիլքոյի հայկական դպրոցի տնօրէն Կարօ Փայլանը, որ հետաքրքրական դէպքի մը մասին պատմած է:
«Երբ գիւղին մէջ այցելեցինք այգի մը, իմ քովէս չհեռացող տարեց մարդ մը, որ սպաննուած երիտասարդներէն մէկուն հայրն էր, ինծի ըսաւ. «Ասիկա Կարապետին այգին է, կողքինը՝ Պետրոսինը, միւսը՝ Յովհաննէսինը: Ասիկա հայկական գիւղ է: Իմ պապս, միւսներուն պապերը կոտորեցին բոլոր հայերը։ Ատոր համար Աստուած մեզ պատժեց». ասիկա ըսելով՝ մարդը սկսաւ լալու», պատմած է Կարօ Փայլանը՝ շեշտելով, որ յանցանքը անպատիժ մնալու պարագային կը կրկնուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.