ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախի Հեռատեսիլ».- 2013 թուականի առաջին օրը՝ 1 Յունուարին, Արցախի մէջ ծնած է 6 առողջ երեխայ՝ 2 մանչ եւ 4 աղջիկ: Յունուար 1ի կէսօրին Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն այցելած են առողջապահութեան նախարար Զոյա Լազարեանն ու աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարինէ Նարիմանեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.