
«Նաշրա» կայքէջի յօդուածագիրներէն Նաժի Ս. Պուսթանի հարց կու տայ Ասատի վարչակարգի տապալման հաւանականութիւններուն մասին։
Թուելով այդ հաւանականութիւնները, որոնք կրնան Սուրիոյ պատմութեան էջը դարձնել՝ Պուսթանի կը նշէ հետեւեալները.
Ա.) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կրնայ սպաննուիլ։ Այս հաւանականութիւնը դժուար թէ իրականանայ՝ նկատի ունենալով ապահովական խիստ միջոցառումները, որոնք որդեգրուած են՝ պահպանելու համար հանրապետութեան նախագահը։
Բ.) Նախագահ Ասատի կողմէ իշխանութենէն հեռացումը եւ երկրին լքումը։ Այս հաւանականութիւնը գրեթէ անկարելի է՝ նկատի ունենալով նախագահ Ասատի նկարագիրը, որ կը դրսեւորէ զինուորական ենթահող ունեցող ղեկավարներու նկարագիր։
Գ.) Շրջանային եւ միջազգային հովանաւորութեամբ համաձայնութիւն մը, որ կ՛արտօնէ Սուրիոյ նախագահին իր իշխանութենէն արժանապատուութեամբ հեռացում։ Այս համաձայնութեան կողքին, Ասատի կու տայ դատավարութեան չենթարկուելու միջազգային երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ անոր կ՛ապահովէ քաղաքական ապաստան մը՝ Ասատին իսկ նախընտրութեամբ։ Այս հանգրուանին, սակայն, այս հաւանականութիւնը բաւական հեռու կը թուի իրականանալէ, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ տակաւին ոչինչ յստակացած է։
Դ.) Դամասկոսի մէջ պետական հիմնական կեդրոններու քանդումը եւ նախագահ Ասատի ստիպողաբար դէպի Թարթուս, Պանիաս եւ Լաթաքիա տեղափոխութիւնը՝ ստեղծելու համար ալաուիական «քանթոն» մը, որ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերուն դիմաց կը գտնուի։ Այս հաւանկանութեան իրագործումը եւս քիչ է, որովհետեւ կա՛մ այն է, որ սուրիական վարչակարգը պիտի տապալի եւ սուրիական բանակի զօրամասերը իրերայաջորդ քայքայումներ պիտի ունենան, եւ կամ այն է, որ անոնք պիտի մնան կանգուն եւ ամուր՝ վայելելով սուրիական բանակի անմիջական ապահովութիւնը։
Հետեւաբար, սուրիական վարչակարգին որոշումը, մինչեւ օրս այն է, որ Սուրիան չմասնատուի երեք տարբեր շրջաններու. սիւննիական, ալաուիական եւ քրտական։ Որովհետեւ Սուրիան նման շրջաններու բաժնելու այս քայլը կը նշանակէ՝ ցեղային եւ յարանուանական մաքրագործումի ենթարկել երկիրը, յատկապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հաշուոյն, որ սալաֆական խմբաւորումներուն կողմէ արդէն իսկ հալածանքի կ՛ենթարկուի։
Ե.) Սուրիական ընդդիմութեան կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շրջափակումը, կամ անոր հասնելու կարելիութիւնը՝ նախագահի ապահովութեան հսկող ջոկատներուն արագ փլուզման պատճառով։ Այլ խօսքով՝ 2003ին, քանի մը ժամուան ընթացքին եւ առանց դիմադրութեան մայրաքաղաք Պաղտատի տապալման տեսարաններուն կրկնութիւնը։ Տեսարան մը, որ տակաւին թարմ է մարդկութեան յիշողութեան մէջ։ Իրաքեան այս բեմագրութիւնը կարելի է տեսնել նաեւ Սուրիոյ մէջ, սակայն հարկ է նկատի ունենալ հիմնական տարբերութիւն մը, որուն համաձայն՝ սուրիական բանակի նախագահական պահակագունդը բաղկացնող զօրամասերուն հրամանատարութիւնը նախագահ Պաշշար Ասատի հարազատներուն կը պատկանի։ Սա կը նշանակէ, թէ անոնք կը գտնուին նոյն նաւուն մէջ. կա՛մ բոլորը կ՛ընկղմին եւ կամ բոլորը կը ծփան։