«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ղեկավար Նավի Փիլայ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը շրջանցած է 60 հազարը:
Անոր համաձայն, 7 տարբեր աղբիւրներէ ձեռք բերուած տուեալները վերլուծելէ ետք յստակ դարձած է, որ զոհերուն թիւը նուազագոյնը 60 հազար է: Նկատի առնուած է 15 Մարտ 2011էն 30 Նոյեմբեր 2012 ժամանակաշրջանը (59648 զոհ): Մեկնելով այն իրողութենէն, որ Դեկտեմբերին եւս հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուեցան, ապա զոհերուն թիւը աւելի քան 60 հազար նկատուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.