
Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային միութիւնը 8 Դեկտեմբերին գեղարուեստական յայտագիրով մը իր տարեկան աշխատանքը ներկայացուց քաղաքի հայ եւ օտար հանրութեան: Ձեռնարկին խորագիրն էր՝ «Արարատի որդիները»:
Միութեան հովանաւորութեամբ գործող միօրեայ դպրոցը, «Հայորդիք» պարի համոյթը եւ Հայկական ժողովրդական երաժշտական գործիքներու դպրոցի սաները իրենց մէկ տարուան աշխատանքը ներկայացուցին բոլորին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Քաթալոնիայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, իսկ բացման խօսքը կատարեց միութեան նախագահ Սեւատա Սահակեան, որ բարի գալուստով ողջունեց բոլորը ու շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց մասնակցութեամբ եկած են քաջալերելու միութեան աշխատանքները՝ նեցուկ կանգնելով տարբեր ծրագիրներու:
Սրահի մուտքին զետեղուած էին միօրեայ դպրոցի աշակերտներու նկարչական աշխատանքներն ու շարադրութիւնները:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կը կազմէին պարային տարբեր ներկայացումներ, երգեր ու արտասանութիւններ եւ երաժշտական տարբեր կտորներ:
Միութեան ընդհանուր աշխատանքը յատուկ տեսերիզներով կը ցուցադրուէին բոլոր ներկաներուն:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Քայլենք միասին» երգով: Ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր մասնակիցներուն ու միութեան անդամներուն: