ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամանորի տօնին առիթով Հայաստանի բոլոր ծերանոցներուն, տնային ծառայութիւններու կեդրոններուն մէջ կազմակերպուած են ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին նուէրներ յանձնուած են ծերերուն։ «Սակայն ծերերը հասարակութեան այն խաւն են, որոնց համար միշտ կարելի է եւ պէտք է աւելին անել», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հաշմանդամներու եւ ծերերու հարցերու վարչութեան պետ Արթուր Կէսոյեանը:
Այսօր աշխատիլ ուզող ծերերուն աշխատանք ապահովելը հիմնական հարց է, անկէ բացի կան նաեւ անոնց կեանքի պայմաններու բարելաւման անհրաժեշտութիւնը եւ կենսաթոշակի հարցերը։ Անոր համաձայն, 4 պետական եւ 4 ոչ պետական ծերանոցներուն մէջ խնամք կը ստանայ 1230 թոշակառու: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կից կը գործէ 4 ծերանոց, որոնցմէ 3ը ընդհանուր են, մէկը՝ յատուկ (հոգեկան եւ ջղային հարցեր ունեցողներու յատուկ)։
Նախարարութեան հովանիին տակ գործող ծերանոցներուն մէջ խնամք կը ստանայ 1090 թոշակառու, 4 ոչ պետական կառոյցներուն մէջ՝ 140: «Վերջին 10 տարուայ ընթացքում տուն-ինտերնատներում խնամք ստացողների թիւն աւելացել է 180ով», յայտնած է Արթուր Կէսոյեան՝ աւելցնելով, որ խնամք ստացողներուն 51 տոկոսը զաւակներ ունի:
Կէսոյեան վստահեցուցած է, որ ծերանոցներու բնակիչները բոլոր անհրաժեշտ բաները կը ստանան։ 2013ին կը նախատեսուի հիմնովին նորոգել թիւ 1 տուն-պատսպարանին անկողնային հիւանդներու համար նախատեսուած բաժանմունքը, անտուններու համար նոր ժամանակաւոր ապաստան ստեղծել, հոգեկան խնդիրներ ունեցողներու շուրջօրեայ խնամք ապահովելու համար նոր հաստատութիւն ստեղծել եւ այլն:
Նշենք, որ վարչութեան պետին համաձայն, Հայաստանի մէջ, բացի շուրջօրեայ խնամքէն, ընկերային ծառայութիւն կը մատուցուի նաեւ իրենց տուներուն մէջ ապրող միայնակ ծերերուն. Երեւանի մէջ կայ նման 1500 պարագայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.