
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրովը յայտնած է, որ եթէ ընդունուէին Մատրիտեան սկզբունքները, կարելի կ՛ըլլար կարծել, թէ ղարաբաղեան հարցին առնչութեամբ կողմերը մօտ են փոխզիջումներու, բան մը, որ ներկայիս նկատելի չէ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 2013ին կարելի՞ է որեւէ դրական յառաջընթաց ակնկալել ղարաբաղեան հարցին առնչութեամբ՝ Վլատիմիր Քազիմիրով դիտել տուած է. «Շատ կը փափաքիմ, սակայն վախնամ պարզապէս սխալած ըլլամ. կը կարծեմ, թէ տարին այդքան ալ արգասաբեր պիտի չըլլայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար»: Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կան նախագահական ընտրութիւնները, որոնք լաւատեսութեան հիմք չեն ներշնչեր, ինչպէս նաեւ կարելի չէ զգալ փոխզիջումներու մթնոլորտի, պատրաստակամութեան առկայութիւնը։ Անոր համաձայն, կը բացակային խաղաղ կարգաւորման համար գլխաւոր տուեալները՝ յուսալի հաշտութեան ամրագրումը, ուժին դիմելու գայթակղութենէն ամբողջովին հրաժարիլը: «Յիշեցնեմ, որ 1994ի Ապրիլ 15ին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ առաջին անգամ հարցին մօտեցաւ այնպէս, որ նոյնիսկ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ չէր կատարուած. հոն նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ոչ միայն կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադարեցում, այլ նաեւ անոնց յուսալի ամրագրում: Միայն անկէ ետք կարելի է Ղարաբաղի մէջ կարգաւորման յաջող յառաջընթացի յոյս ունենալ», նշած է նախկին միջնորդը:
Թղթակիցը հարց տուած է, որ կարգաւորման հարցին առնչութեամբ արդեօք կարելի՞ է Եւրոպայի դերը դրական նկատել՝ նկատի առնելով այն մեղմ մօտեցումը, որ կայ Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամակցութիւնը, Եւրոպական ողիմպիական խաղերու կայացման համար Պաքուի ընտրութիւնը. Վլատիմիր Քազիմիրով դիտել տուած է, որ այս բոլորը ղարաբաղեան հիմնախնդիրին հետ ուղղակի կապ չունին։ «Հաւանաբար այդ որոշումները տալէ առաջ բազմաթիւ այլ գործօններ նկատի առնուած են: Հասկնալի է, որ հիմնախնդիրի կողմերուն կը թուի, թէ առաջին հերթին պէտք է հաշուի առնուի ճիշդ այդ գործօնը: Պաքուի մէջ նոյնպէս կը փորձեն այդ որոշումները մեկնաբանել որպէս հաւանութիւն համաշխարհային հանրութեան կողմէ: Սակայն կեանքը աւելի բազմակողմանի է»: