
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովի աւարտին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու սեղմ, ապա պատուիրակութիւններու անդամներու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով հանդիպումներուն ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլա Պորտիւժան անդրադարձած է ՀԱՊԿի գործունէութեան եւ ստորագրման առաջարկուող փաստաթուղթերուն։ Ապա նիստին մասնակիցները՝ ի շարս օրակարգային այլ հարցերու, քննարկած են միջազգային իրավիճակի միտումները, հաւաքական անվտանգութեան համակարգի կատարելագործման նպատակով ի գործ դրուած միջոցները, մինչեւ 2020 ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի զարգացման, արտակարգ իրավիճակներու մէջ հաւաքական արձագանգման համակարգի կատարելագործման հիմնական ուղղութիւններուն վերաբերող հարցեր։