
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին յայտարարած է, թէ Ստեփանակերտի օդակայանին նկատմամբ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն դիրքը «ամօթալի» է՝ պնդելով, թէ օդակայանի օգտագործումը կրնայ «լուրջ ճգնաժամի պատճառ դառնալ»:
ՎՈՒԱՄի խորհրդարանական վեհաժողովի 5րդ նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազիմով աւելցուցած է, թէ համանախագահները պէտք է գիտակցին, որ Ատրպէյճան լուռ պիտի չմնայ, եթէ օդակայանը սկսի օգտագործումի, ու «պիտի չներէ այդ անօրինական գործողութիւնը»:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆոր պէտք է յստակ բացատրութիւններ տայ Պաքուի իշխանութեանց՝ Արցախ կատարելիք իր այցելութեան մասին, որովհետեւ Եւրոմիութիւնը միջնորդական դեր չունի Լեռնային Ղարաբաի տագնապին մէջ:
Անոր համաձայն՝ Ատրպէյճան նման այցելութեան մը արտօնութիւնը պիտի տայ միայն այն պարագային, եթէ այցելուն վստահեցնէ, թէ այցելութեան նպատակն է դիւրացնել Արցախը Ատրպէյճանին վերադարձնելու ջանքերը: