
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Անգարայի երեսփոխան Մուսթաֆա Էրտեմ, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ամավարկի քննարկման ընթացքին՝ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, ունեցաւ խնդրայարոյց ելոյթ մը ու ծանր բառերով քննադատեց բռնագրաւուած կալուածները փոքրամասնութիւններուն վերադարձնելու որոշումը։ Էրտեմ ըսաւ, որ անցեալները վերաբացուած եկեղեցւոյ մը զանգակատան մէջ դրուեցաւ զանգակ մը, որ եկած էր ոչ թէ Թուրքիայէն, այլ՝ Ռուսիայէն։ «Այս ի՛նչ նուաստացում ու նախատինք է, որ թուրք ժողովուրդին մտիկ ընել կու տան զանգակներու ղօղանջներ։ Ասիկա, անպայման, ուրախութիւն պատճառած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն։ Փոքրամասնութիւններու կալուածներուն վերադարձը այս ժողովուրդին համար նախատինք ու նուաստացում է։ Փոխվարչապետ Արընչ, երբ կ՛ըսէր, որ «մեր բռնագրաւածներն է, որ կը վերադարձնենք», բնաւ խղճմտանք կ՛ունենա՞ր արդեօք մեզմէ բռնագրաւուածներուն համար», ըսաւ ան՝ անգամ մը եւս արտայայտելով փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ժխտական զգացումները։
Փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ պատասխանեց Մուսթաֆա Էրտեմի վերեւի խօսքերուն եւ ըսաւ, թէ փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելը նուաստացում մը չէ, այլ՝ իրաւական պարտաւորութիւն մը։ «Ասիկա նուաստացում չէ, այլ մարդկութեան պահանջածն է։ Մենք հպարտ ենք մեր այս ըրածով», աւելցուց Արընչ։
Արընչ նաեւ յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ կան նահանգներ, ուր մզկիթի պատն ու սինակոկի մը պատը կողք կողքի են՝ աւելցնելով, թէ ցեղային տարբերութիւնները «մեր հարստութիւնը կը կազմեն»։
Արընչ ըսաւ, որ մինչեւ այսօր 1500 դիմում կատարուած է եւ անոնցմէ 118 կալուած վերադարձուած է։ Դիմումի պայմանաժամը Օգոստոս 28ին աւարտած է արդէն:
«Հայերն ու յոյները այս հողերուն վրայ ապրեցան. ասիկա պէտք չէ նեղացնէ մեզ։ Հրանդ Տինք վատօրէն սպաննուեցաւ։ Ես սրտանց կը հաւատամ այս ըսածիս։ Երբ Խորհրդարանի նախագահ էի, անոնց տունը գացի ցաւակցութիւն յայտնելու համար։ Նայեցայ կնոջ, աղջկան. տեսայ, որ անիկա մեր Անատոլուի տուներէն տարբերութիւն չունէր բնաւ։ Այդ տան մէջ Անատոլուի հոտը առի», ըսաւ Արընչ։
Յատկանշական է, թէ Հրանդ Տինքի հիմնադրամը վերջերս լոյս ընծայած է այս վէճին խնդրոյ առարկայ դարձած հարցը: «Պէյաննամէ (հռչակագիր) 2012. Պոլսոյ Հայկական վագըֆներէն գրաւուած կալուածները» հատորին մէջ կը նշուի, թէ պետութեան կողմէ զանազան պատճառներով բռնագրաւուած են 661 կալուածներ, որոնք նախապէս կը պատկանէին հայկական վագըֆներու։ Անոնցմէ միայն 143ը վերադարձուած է վերջին տասը տարիներուն ընթացքին կատարուած օրէնքի բարեփոխումներուն շնորհիւ։ Այդ թիւը հայկական 1328 կալուածներուն միայն 10.77 տոկոսը կը կազմէ։ Գիրքը, որուն մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ փոքրամասնական կալուածները վերադարձնելու գործընթացը պէտք է դիւրացնել եւ արագացնել, կը բաղկանայ 480 էջերէ եւ կը բովանդակէ մանրամասն ցանկ մը՝ հայկական վագըֆներու կալուածներուն մասին։ Տեղեկութիւններ հրապարակուած են նաեւ www.istanbulermenivakiflari.org կայքին վրայ:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, Ղալաթիոյ յունական վարժարանին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն մասնակցութիւն բերին փոքրամասնական համայնքներու եւ հաստատութիւններու վարիչներն ու պատասխանատուները։ Օրակարգի վրայ էր վագըֆներու թիւ 5738 նոր օրէնքի քննարկումը։ Ժողովին ատենապետեցին Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան գլխաւոր քննիչ եւ առաջին շրջանի տնօրէնի օգնական Օքան Սայտան ու կառավարութեան մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս։
Յիշեալ նոր օրէնքի լոյսին տակ, փոքրամասնական վագըֆները այսուհետեւ պիտի կարենան նոր վագըֆներ հիմնել կամ առեւտրական ընկերակցութիւններ հաստատել, իսկ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնը պիտի ըլլայ հսկել, թէ վագըֆները զանոնք հաստատողներու կամքին համաձայն կը գործե՞ն։
Նաեւ, պատմական յուշարձաններու նորոգութիւնները կարելի պիտի ըլլայ կատարել անհատներու կողմէ, որոնց կատարած նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ պիտի կացուցուին։
Ժողովը տեւեց մօտաւորապէս 2.5 ժամ: Հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ քանի մը բացառութեամբ, ներկայ գտնուեցան ժողովին։