ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Հայկական Ժամանակ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ յստակացուցած է, թէ ՀՅԴ պիտի չսատարէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն:
«Որքանո՞վ է հաւանական, որ ՀՅԴն ընտրութիւններում սատարի Սերժ Սարգսեանին» հարցումին պատասխանելով՝ Մարգարեան յայտնած է, որ «դա բացառուած է: Քաղաքականութեան մէջ ասում են՝ չկայ անկարելի բաներ, բայց դա բացառուած է: Դա չի կարող լինել: Դա վերջնական հարց է: Մենք որեւէ կերպ չենք բանակցում, որ իրեն պաշտպանենք, նման հարց չկայ: Մենք թեկնածու չենք փնտռում, որ պաշտպանենք: Իսկ գործող նախագահի պարագայում՝ մենք ընդդիմութիւն ենք, եւ բացառուած է, որ իրեն պաշտպանենք: Էդպիսի բան չի կարող լինել: Եթէ լսէք էլ՝ չհաւատաք»:
Նոյն հարցազրոյցին մէջ, Մարգարեան յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հանդիպման նախաձեռնողը ՀՅԴն եղած է:
Իսկ «Նպատակայարմա՞ր էք համարում, որ քաղաքական ուժերը, այդ թւում՝ Դաշնակցութիւնը, բոյկոտեն ընտրութիւնները՝ Սերժ Սարգսեանի վերընտրութիւնը չլեգիտիմացնելու (չօրինականացնելու-Խմբ.) համար» հարցումին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Չէ՛, դրանից ո՞վ՝ ի՞նչ կը շահի: Որ էդպէս անենք, ժողովրդի վիճակը կը լաւանա՞յ դրանից, երկրի վիճակը կը լաւանա՞յ: Վերջապէս մենք ճիշդ է, որ քննադատում ենք, բայց մեր քննադատութիւնը չպէտք է էնպիսի բացարձակ բնոյթներ ունենայ, որ ամէն ինչ սեւ երեւայ, ամէն ինչ յուսահատական երեւայ: Ես կարծում եմ, որ դրանից կը շահի միայն իշխանութիւնը, ուրիշ ոչ ոք: Հակառակը, պէտք է պայքարի տրամադրես ժողովրդին, որ եթէ ճիգ թափես, եթէ կեցուածք ունենաս, եթէ քո համոզումով քուէարկես, ապա վիճակը կը փոխուի: Դա է ճիշդ մօտեցումը: Միւսը պարտուողական, յուսահատական մօտեցում է, եւ դրանից անպայման մեր ժողովուրդը չի շահի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Արձանագրութիւներուն Ստորագրութիւնը չի վերցնելու պատճառը կրկին դակարդ մը պատրաստելու ընտրուելէ ետք պիտի աշխատի այդ էր պատճառը որ մերժեց երկու կետերը այս մարդը կը փորձէ ուշ կամ սէրտացնէ իր յարաբերութիւնը թուրք թշնամիին հետ, ինչպէս սկսաւ ոտնագնդակի խաղը, այս բոլոր ուղերձները պարզապէս նախ աթորը պահէ յետոյ թրքամտութիւնը գործադրէ, Հայ Ժողովուրդի թուրքին յանձնէ,յուսամ չ’լլայ սակայն յանդուկն ձեւով Տխրահրչակ Արձանագրութիւներուն Ստորագրութիւները Վասն ինչ պահած էկ, Հայ Ազգը պահանջեց որ ետ քաշէք Արիւնոտ ձերքերով Ստորագրուած Դաւաճան ձերքերը։
Կէցցէ Բովանդակ Հայ Ժողովուրդը
Կէցցէ Հայաստան Հայրենիքը
Կէցցէ Հ․ Յ․ Դ