
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Պոլսահայ միութեան տիկնանց եւ ընկերային յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Նոր տարուան տօնակատարութիւնը: Երեկոն պիտի խանդավառէ «Տի.Ճէյ.» Ճերին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306):
Ձեր տեղերը ապահովելու համար, հեռաձայնել Թելմային՝ (818) 730-3226 կամ Անիին՝ (818) 620-0581 թիւերով: Մասնակցութեան սակը 99 տոլար է եւ յաւելեալ 1 տոլար պիտի գանձուի՝ «Հայաստան» հիմնադրամին նուիրելու համար: 12 Տարեկանը չբոլորած փոքրերուն մուտքի գինը 35 տոլար է: