
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Օփերա ալ լա քարթ»ի, Փասատինայի «Էմպեսետըր» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ Կիլպըրթ եւ Սալըվընի երաժշտական «Միքատօ» կատակերգական թատերգութիւնը:
Տոմսերու գինը 25էն 100ի միջեւ է: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 500-9997 թիւին, կամ այցելել www.itsmyseat.com/Lark կայքէջը:
«Էմպեսետըր» թատերասրահին հասցէն է 131 S. St. John Ave.: Յաւելեալ տեղեկութեան համար, դիմել info@larkmusicalsociety.com հասցէին: