
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի աշխարհին նուիրուած «Տէյլի Վըրայըթի» թերթին համաձայն՝ շարժապատկերի արտադրութեան «XYZ Films» ըներութիւնը, որուն հիմնադիրնեն են Արամ Դերձակեան, Նէյթ Պոլոթինի, Թատ Պրաուն եւ Նիք Սփայսըր, կը նկատուի այս տարուան ընթացքին հետեւելու արժանի տասը լաւագոյն ընկերութեանց շարքին:
Ընկերութիւնը արտադրած էր մէկ միլիոն տոլար արժած «The Raid: Redemption»ը, որ աշխարհի տարածքին 14 միլիոն տոլարի եկամուտ ապահովեց: 2008ին հիմնուած ընկերութիւնը նաեւ արտադրած է «Frankensteins Army»ն ու «The Rambler»ը, իսկ ներկայիս աշխատանք կը տարուի այդ ֆիլմին շարունակութիւնը արտադրելու. «Սոնի» ընկերութիւնը արդէն իսկ գնած է զայն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ տարածելու իրաւունքը: