Մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Գահիրէի մէջ վերջին դէպքերը պատճառ դարձած են, որ տեղւոյն հայ գաղութը դարձեալ ապրի մտահոգիչ պահեր: Թէեւ անմիջական ապահովական սպառնալիքներ չկան, սակայն հայկական ակումբները եւ Ազգային վարժարանը նախագահական պալատին շրջակայքը գտնուելնուն պատճառով, առ ի զգուշութիւն, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին փակ պահուած են: Նկատի ունենալով դէպքերու անակնկալ զարգացումներու բնոյթը, կարելի չէ յստակ որոշումներ կայացնել հաստատութիւններու փակ կամ բաց պահելու գծով, սակայն օրը օրին որոշումներ կը տրուին պատասխանատու մարմիններուն կողմէ եւ կը փոխանցուին հայրենակիցներուն
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.