
Զուիցերիոյ մէջ գործող ՀՀ դեսպանատան մէջ օրերս կայացած է զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն շնորհուած պատուոգիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն:
Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Շարլ Ազնաւուր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրները յանձնած է Ժընեւի «Թօփալեան» հայկական դպրոցի տնօրէն Նեւրիկ Ազատեանին, դպրոցի ուսուցչուհիներ Յասմիկ Մելիքսէթեանին, Վալեա Տատոյեանին, «արաքս» խմբերգութեան պատասխանատու Տիանա Պօյաճեանին, տեղւոյն հայկական համայնքի նախկին ղեկավար Գրիգոր Ելմայեանին, ինչպէս նաեւ «Գրանշան 2011» մրցոյթի ոչ լատինական տառատեսակներու գծով երկրորդ մրցանակի վկայականը Անտոն Սդուտերին:
ՀՀ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հայ մշակոյթի զարգացման, հայապահպանման գործին մէջ ունեցած աւանդին եւ հայանպաստ գործունէութեան համար: